image

Մահացած է նուիրեալ ՀԲԸՄ-ական Հրանդ Արսլանեանը

 Մահացած է նուիրեալ ՀԲԸՄ-ական Հրանդ Արսլանեանը

Լիբանանի ՀԲԸՄ ընտանիքը օրերս գուժած է իր նուիրեալ անդամներէն Հրանդ Արսլանեանի մահը։

 Այս մասին կը կարդանք ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մարմնի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Սրտի դառն կսկիծով իմացանք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մասնաճիւղերուն մէջ զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ամանոսի մասնաճիւղի հիմնադիր, նուիրեալ միութենական Հրանդ Արսլանեանի մահը, որ պատահած է Պոսթընի մէջ, Մ. Նահանգներ: 

  Հաւատաւոր միութենական Հրանդ Արսլանեանի  յիշատակը վառ պիտի մնայ բոլոր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ականներու սրտին մէջ:

 Հրանդ Արսլանեանի մահուան առիթով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ համայն միաւորները, իրենց  խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնեն  հանգուցեալի զաւակներուն՝ տոքթ. Արմէնին, Մարալին, Սալբիին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն: 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: