Ութսանականներու սկիզբին իր եղբօր՝ Պետրոսին (որ աւելի ուշ յայտնի դարձաւ «Պասթրմա Պետօ» մակնիշով) Մանօ կը նետուի կեանքի ասպարէզ եւ որպէս վարպետ ապուխտագործ իր առաջին քայլերը կը կատարէ նախ հիմնելով փոքր գործատուն, որմէ ետք ալ կամաց-կամաց ընդարձակուելով եւ դառնալով հանրահայտ «Պասթրմա Մանօ»ի տէրն ու տիրակալը, որուն հմայքն ու անունը տարածուեցան ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ շրջակայ երկիրներուն մէջ։
Ապուխտի, սուճուխի եւ այլ մսեղէնի մասնագէտ վարպետը իր ասպարէզը ժառանգ թողած է երկու որդիներուն՝ Ժանին եւ Շանթին, այդպէսով ալ ուրոյն տառերով իր անունը փորագրելով Լիբանանի խոհանոցի եւ ուտեստներու աշխարհին մէջ։
Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Մանօ (Մուրատ) Շէկեանը (Ծնեալ Պէյրութ 1948-ին Պէյրութի մէջ)՝ լիբանանեան շրջանակներուն մօտ հանրայայտ «Պասթրմա Մանօ» ապուխտի գործարանի հիմնադիրը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։
Երկար տարիներ անդուլ ջանքի, աշխատասիրութեան եւ ծառայութեան խորհրդանիշ դարձած Մանօ Շէկեանը յարգուած անձնաւորութիւն էր մասնաւորապէս լիբանանահայ շրջանակներուն մէջ, որպէս բարեգործ, ազգասէր եւ բարեացակամ նախաձեռնող։
Ութսանականներու սկիզբին իր եղբօր՝ Պետրոսին (որ աւելի ուշ յայտնի դարձաւ «Պասթրմա Պետօ» մակնիշով) Մանօ կը նետուի կեանքի ասպարէզ եւ որպէս վարպետ ապուխտագործ իր առաջին քայլերը կը կատարէ նախ հիմնելով փոքր գործատուն, որմէ ետք ալ կամաց-կամաց ընդարձակուելով եւ դառնալով հանրահայտ «Պասթրմա Մանօ»ի տէրն ու տիրակալը, որուն հմայքն ու անունը տարածուեցան ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ շրջակայ երկիրներուն մէջ։
Ապուխտի, սուճուխի եւ այլ մսեղէնի մասնագէտ վարպետը իր ասպարէզը ժառանգ թողած է երկու որդիներուն՝ Ժանին եւ Շանթին, այդպէսով ալ ուրոյն տառերով իր անունը փորագրելով Լիբանանի խոհանոցի եւ ուտեստներու աշխարհին մէջ:
Յիշեցնենք, որ լիբանանեան պատերազմի ամէնածանր օրերէն սկսեալ Մանօ Շէկեանը իր նիւթական աջակցութիւնը ցոյց տուաւ գաղութի բոլոր մակարդակի մարմիններուն, եւ որպէս բարերար կարողացաւ շօշափելի օգնութիւն ցոյց տալ անխտիր բոլոր կողմերուն։
Հանգուցեալին վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կայանայ այսօր՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անոր մարմինը պիտի ամփոփուի Պուրճ Համոպտի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ։