image

Մահացած է Իտալիոյ երբեմնի ամենաազդեցիկ գործիչ հանդիսացող՝ Պերլուսքոնին

Մահացած է Իտալիոյ երբեմնի ամենաազդեցիկ գործիչ հանդիսացող՝ Պերլուսքոնին

Իտալիոյ վարչապետ Ճորճա Մելոնին իր խոր վիշտը յայտնած է երկրի նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պեռլուսքոնիի մահուան կապակցութեամբ եւ անոր անուանած է Իտալիոյ պատմութեան մէջ ամենաազդեցիկ քաղաքական գործիչներէն մէկը։

Այդ մասին «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացած է «РИА Новости» գործակալութենէն:

Իտալիոյ նախկին վարչապետ, սենատոր Սիլվիօ Պեռլուսքոնին, որ 9 յունիսին տեղափոխուած էր Միլանի «Սան Ռաֆայէլ» հիւանդանոց, 12 յունիսիսն հիւանդանոցին մէջ վախճանած է 86 տարեկան հասակին։ Հիւանդանոցի աղբիւրները հաստատած են, որ ականաւոր քաղաքական գործիչը մահացած է առաւօտեան ժամը 09:30-ին (Երեւանի ժամանակով 11:30-ին): Ապրիլին նախկին վարչապետը բուժող  բժիշկներն առաջին անգամ յայտնած էին, որ ան կը տառապէր քրոնիկական սպիտակարիւնութենէ (leukemia)։

«Սիլվիօ Պեռլուսքոնին առաջին հերթին մարտիկ էր, ան մարդ էր, որ երբեք չէ վախցած պաշտպանել իր համոզմունքները, եւ  այդ խիզախութիւնն ու վճռականութիւնը անոր ամենաազդեցիկ մարդոցմէ մէկը դարձուցին Իտալիոյ պատմութեան մէջ, որ անոր թոյլ տուաւ ամենաիսկական բեկումները կատարել քաղաքականութեան, հաղորդակցութեան եւ ձեռնարկատիրութեան աշխարհին մէջ», -յայտարարած է Մելոնին տեսաուղերձին մէջ: