image

Մահ՝ ազգային գործիչ Զաւէն Խանճեանի

Մահ՝ ազգային գործիչ Զաւէն Խանճեանի

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) Վարչական Խորհուրդը խոր վիշտով կը գուժէ իր Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի մահը որ տեղի ունեցաւ Օգոստոս 9, 2024-ին, Կլէնտէյլի մէջ՝ Գալիֆորնիայ, Միացեալ Նահանգներ։ 

«AMAA-ը կը սգայ իր Գործադիր Տնօրէնին՝ Զաւէն Խանճեանի մահը, որ 10 տարի ծառայեց Ընկերակցութեան իր այս պաշտօնով, առաւելագոյն հոգատարութեամբ եւ նուիրումով։ Իրականութեան մէջ, անոր ողջ կեանքը եկեղեցիին, համայնքին եւ ողջ Հայութեան ծառայելու օրինակ եղած է թէ Սփիւռքի եւ թէ Հայրենիքի մէջ» ըսաւ AMAA-ի Վարչական Խորհուրդի Նախագահ՝ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան։ «Ան իսկական ղեկավար էր, շատ սիրուած Ընկերակցութեան աշխատակազմին, Վարչական Խորհուրդի անդամներուն եւ աջակիցներուն կողմէ։ Ան տեսիլքի մարդ էր, մեծ հաղորդակից, բազմաշնորհ գրող եւ հրապարակախօս։ Ան բարի մարդ էր, ընտանիքի մարդ էր, եւ անոր բազմաթիւ թոռները անոր կեանքի լոյսն էին։ Ամենէն առաջ ան անսասան հաւատքի տէր մարդ էր եւ Քրիստոսի իսկական Զինուոր։ Պարոն Խանճեանի մահը մեծ կորուստ է AMAA-ի, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին, Հայ ազգին եւ ողջ մարդկութեան համար։ Թող Սուրբ Հոգին մխիթարէ անոր ընտանիքը եւ բարեկամները, եւ թող Տէրը օրհնէ անոր յիշատակը»։

Ամուսին, հայր, մեծ հայր, մեծ Հայ, հեղինակ, հայկական մշակոյթի եւ ժառանգութեան ջատագով Զաւէն Խանճեանը խաղաղութեամբ հեռացաւ կեանքէն, շրջապատուած իր սիրելի ընտանիքով։

Զաւէն Խանճեան ծնած էր սփիւռքահայութեան քաղաքամայր «Երազային» Հալէպի մէջ, Յուլիս 31, 1944-ին։ Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Վազգէն եւ Վերժին Խանճեաններու հինգ զաւակներէն մէկն էր։ Մեծցած էր Հալէպի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ, եւ եղած էր երիտասարդաց խումբին գործունեայ մէկ անդամը։

Հալէպի մէջ նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստանալէ եւ Aleppo College-ը աւարտելէ ետք, 1967-ին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը ստանալով Պսակաւոր տիտողոսը Առեւտրական Վարչագիտութեան մէջ – Business Administration։

Նոյն տարին ան մեկնած է Արաբական Ծոցի երկիրները, ուր 13 տարիներու աշխատանքին զուգահեռ մտերիմներու հետ ամէնուրէք հիմնած է հայկական ովասիսներ։

1973-ին ամուսնացած է Սոնա Քէլլիկեանի հետ եւ ընտանիքը օրհնուած է երեք զաւակներով՝ Վազգէն, Հրակ եւ Վանա։

1979-ին ընտանեօք փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիայ նահանգը ուր յաջորդող 35 տարիներուն վարած է աշխոյժ, գործօն եւ ծառայասէր կեանք մը գաղութին կրթական, եկեղեցական, ազգային, ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ, վարելով ղեկավար դերեր Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանի, Միացեալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան, Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Հիմնադրամի – SARF-ի, Glendale Family YMCA-ի, The Salvation Army Corp-ի, Americans For Artsakh-ի եւ Armenian American Real Estate Association-ի մէջ։

1982-2014 տարիներուն վարած է իր սեփական անշարժ կալուածներու ընկերութիւնը։

2014-ի Յուլիսին հրաւիրուած է վարելու AMAA-ի Գործադիր Տնօրէնի պաշտօնը, Բըրէմըս, Նիւ Ճըրզիի մէջ, ուր գործեց մինչեւ իր մահը։ Իր 10-ամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին ան վերահսկեց բազմաթիւ կարեւոր իրադարձութիւններու՝ ինչպէս Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան Վարժարանի բացումը, 2015 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումը, AMAA-ի հարիւրամեակի յաջող հանգանակութիւնը եւ տօնակատարութիւնը՝ 2018-ին։

Աշխատակցած է երկլեզու հայ մամուլին։ Խմբագրութիւններու ուղղուած իր նամակները լոյս տեսած են արաբական, ամերիկեան եւ հայկական մամուլին մէջ։ Հեղինակ է երեք հատորներու.-, «Սրտի եւ Մտքի Ցոլքեր» (2011), «ՀԱԼԷՊ-Առաջին Կայարան» (2013) եւ «Այս Տունը Քո՞ւկդ է թէ Իմս» (2017)։

Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ հայապահպանութեան գործին իր ներդրած աւանդին համար Պր. Խանճեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու, անոնց թուին Մայիս 28, 2017-ին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսյանի կողմէ շնորհուած է երախտագիտութեան մետալի։ Սեպտեմբեր 13, 2019-ին ստացած է պատուաւոր անդամի կոչում՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան։

Ան անդամ էր Լոս Անճելիսի Միացեալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։ 

Զաւէն Խանճեան իր ետին կը թողու իր տիկինը՝ Սոնան, երեք զաւակները՝ Վազգէն, Հրակ եւ անոր կինը՝ Միշել, եւ Վանան եւ անոր ամուսինը՝ Արմէն Վարդանեանը, հինգ թոռներ եւ մէկ թոռնուհի, քոյրերը՝ Լորա Փրաթերը եւ Տիքի Տատը եւ եղբայրը՝ Տիգրան Խանճեանը եւ անոր տիկինը՝ Մարիէթ-Աստղիկը։ Անոր քոյրը՝ Անահիտ Թերճիմանեանը մահացած էր Ապրիլ 2024-ին։

Զաւէն Խանճեանի կորուստը պիտի սգան ոչ միայն իր ընտանիքն ու բարեկամները, այլեւ մեծ Հայ համայնքը, որուն ան ծառայեց այնքան անձուրաց։

Յիշատակի պաշտամունքի տեղեկութիւնները պիտի հաղորդուին յառաջիկային։