image

Լոյս տեսած է Զարիֆեանի «The United States and the Armenian Genocide» հատորը

Լոյս տեսած է Զարիֆեանի «The United States and the Armenian Genocide» հատորը

«Ռաթկըրզ» համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Ժիւլիէն Զարիֆեանի «Միացեալ Նահանգները Եւ Հայոց Ցեղասպութիւնը․ Պատմութիւն, Յուշ Եւ Քաղաքականութիւն» (The United States and the Armenian Genocide․ History, Memory, Politics) հատորը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող ՝ «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

«Ռաթկըրզ» համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Ժիւլիէն Զարիֆեանի «Միացեալ Նահանգները Եւ Հայոց Ցեղասպութիւնը․ Պատմութիւն, Յուշ Եւ Քաղաքականութիւն» (The United States and the Armenian Genocide․ History, Memory, Politics) հատորը։

Հեղինակը հատորին մէջ կը քննարկէ, թէ ինչու Ուաշինկթըն միայն 2021ին պաշտօնապէս ճանչցաւ 1915ին իրագործուած Ցեղասպանութիւնը, իսկ մինչ այդ կը շարունակէր տեղի տալ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի ճնշումներուն։

Ժիւլիէն Զարիֆեան Ֆրանսայի Փուաթիէ քաղաքի համալսարանին մէջ պատմութեան դասախօս է եւ հեղինակն է ֆրանսերէնով երկու հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու։

Յաւելեալ տեղեկութեան կամ գիրէն օրինակ մը գնելու համար այցելել կայքէջը։ RUP30 գաղտնագիրը գործածելով կարելի է 30 տոկոսի զեղջ ստանալ։