Օրերս լոյս տեսած է Ֆրանսահայ մանկագիր Յասմիկ Շահինեանի հեղինակած նոր հատորը՝ «Եւ այն ատեն…» մանկական գիրքը, որ կը պարունակէ երեք պատկերազարդ պատմութիւններ՝ Արեւմտահայերէնով։
Մանկական գիրքին նկարազարդումի գործը կատարած է սպանացի նկարազարդող Տաւիտ Փինթոր:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հեղինակի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Եւ այն ատեն…
Յասմիկ Շահինեան
Նկարազարդում՝ Տաւիտ Փինթոր
Ուրեմն այսպէս. Արան պէտք է հրշէջները համոզէ, որ իրենց կարմիր բեռնատարը դպրոց բերեն։ Ան նաև պէտք է բոլոր աշակերտներուն ներկայացնէ «Փոքրիկ հրշէջներ» ծրագիրը: Ուրիշ հարց որ այս մէկը բնա՛ւ իր գաղափարը չէր...
Հետաքրքրական է ուսապարկով արկածախնդրութիւն փնտռելու երթալը, անշուշտ եթէ բեռը չափազանց ծանր չըլլայ: Բարեբախտաբար արկածախնդրութեան կարելի է չսպասած ատենդ հանդիպիլ...
Արան և իր ընկերները շատ գաղափարներ ունին պարտէզին մէջ իրենց տնակը շինելու համար, բայց արդեօք պապաները քիչ մը շատ չե՞ն խառնուիր այս ծրագիրին...
Ահաւասիկ Արային եւ իր ընկերներուն արկածախնդրութիւնները՝
երեք պատկերազարդ պատմութիւններով։
Արեւմտահայերէն
Ծախու գինը՝ 12 €
12,5 x 19 սմ
72 էջ, գունաւոր տպագրութիւն
ISBN 978-2-9542615-4-6
135 կմ