Հայաստանի «Արմաւ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է ԻԱ. դարու հայ գրականութեան մատենաշարի 5-րդ հատորը «Ձայն թատերական» (թատերգակներ – dramaturge) խորագրով։
Գիրքը կ՚ընդգրկէ երեսունվեց հեղինակի թատերական ստեղծագործութիւնները։
Բազմազան են ներկայացուած նիւթերն ու խնդիրները, տարբեր գեղարուեստական կառոյցներով ու ոճերով՝ մենախօսական թատերգութիւն, կատակերգութիւն, ողբերգութիւն, պատմական թատերգութիւն եւ այլն։ Հեղինակները միաւորած է մէկ կարեւոր հանգամանք՝ անոնք բոլորն ալ նուիրուած են հայ թատրոնին եւ արտադրած՝ հարուստ նիւթեր։
Մատենաշարի համադրողն է փրոֆ. Հրանտ Մարգարեան, կազմողն ու խմբագիրը՝ Արմէն Ավանէսեան։