image

Լոյս տեսած է ԻԱ. դարու հայ գրականութեան մատենաշարի 5-րդ հատորը

Լոյս տեսած է ԻԱ. դարու հայ գրականութեան մատենաշարի 5-րդ հատորը

Հայաստանի «Արմաւ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է ԻԱ. դարու հայ գրականութեան մատենաշարի 5-րդ հատորը «Ձայն թատերական» (թատերգակներ – dramaturge) խորագրով։

Գիրքը կ՚ընդգրկէ երեսունվեց հեղինակի թատերական ստեղծագործութիւնները։

Բազմազան են ներկայացուած նիւթերն ու խնդիրները, տար­բեր գեղարուեստական կառոյցներով ու ոճերով՝ մենախօսական թատերգութիւն,  կատակերգութիւն, ող­բեր­գու­թիւն, պատմական թատերգութիւն եւ այլն։ Հեղինակները միաւորած է մէկ կարեւոր հանգամանք՝ անոնք բոլորն ալ նուիրուած են հայ թատրոնին եւ արտադրած՝ հարուստ նիւթեր։

Մատենաշարի համադրողն է փրոֆ. Հրանտ Մարգարեան, կազմողն ու խմբագիրը՝ Արմէն Ավանէսեան։