image

Լոյս տեսած է Չեխ գրողի «Արեւելքի արհաւիրքները» հատորը. Թարգմանութիւնը՝ Աննա Կարապետեանի

Լոյս տեսած է Չեխ գրողի «Արեւելքի արհաւիրքները» հատորը. Թարգմանութիւնը՝  Աննա Կարապետեանի

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացած է չեխ գրող, հրապարակախօս եւ ճանապարհորդ Քարլ Հանսայի «Արեւելքի արհաւիրքները» գրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը: Գիրքը հայերէն թարգմանած է «Օրեր» ամսագրի համահիմնադիր, Փրակի Քարլի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժնի դոկտոր Աննա Կարապետեանը։

Ի թիւս այլոց, շնորհանդէսին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չեխիոյ դեսպան Պետրիխ Քոփեցքին: Դեսպանն ընդգծած է, որ խորութեամբ ուսումնասիրած է Քարլ Հանսայի կեանքը, աւելցնելով, որ գիրքը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման հարցով։

«Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքը Հայոց ցեղասպանութեան մասին փաստագրութիւն է եւ ականատեսի վկայութիւն: Այն հայերու վերաբերեալ Հանսայի հրատարակած առաջին աշխատութիւնն է, որ ժամանակակիցներու մօտ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ֆաշիստական գրաքննութեան կողմէ մտցուած է արգիլուած գրականութեան ցանկ։ Գիրքը, որ տպագրուած է հեղինակի սեփական միջոցներով, նուիրուած է հայ ժողովուրդի պատմութեանն ու մշակոյթին։

Աննա Կարապետեանը ներկայացուցած է գրողի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Անոր բնորոշմամբ, Քարլ Հանսամ հայամէտ էր. «Գիրքը թարգմանել եմ, քանի որ սա ականատեսի վկայութիւնն է, եւ ականատեսի վկայութիւնը կամայ թէ ակամայ հեղինակին դարձրել է հայամէտ»: