23 Մարտին տեղի պիտի ունենայ «Լոս Անճելըս Քինկզ»ի «Հայկական Ժառանգութեան Երեկոյ»ն, որուն ընթացքին խումբը պիտի մրցի Թեմփա Պէյի «Լայթնինկ»ին դէմ։
Այս մասին իմացանք Լոս Անճըլըսի մեր պաշտօնակից՝ «Ասպարէզ»էն։
«Ասպարէզ»ը կը տեղեկացնէ, որ Crypto.com մարզադաշտին մէջ, երեկոյեան ժամը 7։30ին սկսող այս մրցումին տոմսերուն սակը 55 տոլար է, իսկ մասնակցողները պիտի ստանան «Հայկական Ժառանգութեան Երեկոյ»ին յատուկ գլխարկ մը։
Երեկոյին պիտի մասնակցին նաեւ System of a Down նուագախումբէն Շաւօ Օտաճեան եւ «Փաթիլ» պարախումբը։
Տոմսերու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։