image

Լոս Անճըլըսի մէջ. Ֆերահեան վարժարանի նոր յաջողութիւնը

Լոս Անճըլըսի մէջ. Ֆերահեան վարժարանի նոր յաջողութիւնը

Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի, Գապայեան նախակրթարանի եւ Փիլաւճեան մանկամսուրի ուսումնական մարմինը կը հաղորդեն Նորթ Հիլզի համալիրի ընդարձակման մասին, որ մեծապէս պիտի նպաստէ մանկամսուրի եւ նախակրթարանի նոր դասարաններու շինարարութեան, ինչպէս նաեւ կանգառներու եւ մարզադաշտերու յաւելումին:

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը, Գապայեան նախակրթարանը եւ Փիլաւճեան մանկամսուրը կը շարունակեն իրենց աննախընթաց զարգացումը եւ ընդարձակումը: Արդարեւ, նորագոյն ընդարձակման քայլը եղաւ Նորթ Հիլզի համալիրի ամբողջ հասակով տարածուող կողքի 1.7 արտավար (էյքր, acre) հողաշերտի գնումը:

Օրհնութեամբ ու հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան, դպրոցիս պատասխանատու մարմինը՝ Ուսումնական խորհուրդը, 17 Յունիս 2024ին փակեց նոր կալուածին գնման escrow հաշիւը:

Այս գործառնութիւնը տեղի ունեցաւ այնպիսի յատկանշական պահու մը, երբ մեր դպրոցներու արձանագրութիւնները կը գտնուին իրենց առաւելագոյն մակարդակին վրայ եւ երբ մեր համայնքը առաւելագոյն փափաքը ունի մաս կազմելու գործունեայ եւ հայկականութեամբ առլցուն կրթական միջավայրի մը:

Նորթ Հիլզի համալիրի ընդարձակումը մեծապէս պիտի նպաստէ մանկամսուրի եւ նախակրթարանի նոր դասարաններու շինարարութեան, ինչպէս նաեւ կանգառներու եւ մարզադաշտերու յաւելումին: Այսպէս, հետապնդման վերանորոգ թիրախ պիտի հանդիսանայ դպրոցի տեսիլքը՝ համայնքին համար տրամադրելի դարձել նորագոյն կարելիութիւններով օժտուած դաստիարակութեան միջավայր մը, ուր մեր զաւակները պիտի շարունակեն յառաջդիմել ու զարգանալ:

Այս նոր հողաշերտին գնումը համընկնեցաւ վերջերս Նորթ Հիլզի համալիրին վրայ կառուցուելիք նոր նախակրթարանին՝ քաղաքապետութեան կողմէ արտօնագիրներ ստանալուն: Իսկ, կառուցման նախապատրաստական հողային աշխատանքները սկսան հողի խտացման եւ ամրացման (ground compacting) անմիջական գործընթացով:

Նորթ Հիլզի վրայ ուռճացող Ազգային վարժարանին ընդարձակման գաղափարը նորութիւն չէ, արդարեւ, շուրջ երկու տասնամեակներ առաջ, Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանէն տոքթ. Վաչէ եւ Շողիկ Գապայեաններ նախակրթարանի բարգաւաճման համար տրամադրեցին 500 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը: Նմանապէս, մանկամսուրի բարելաւման համար Աշխէն Փիլաւճեան իր ընտանիքին կողմէ կատարեց 250 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը:

Այս կոթողային աշխատանքը կը հետեւի եւ շարունակութիւնն է Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանի Էնսինոյի համալիրի ընդարձակման ծրագիրին: Արդարեւ, դպրոցը իր Ուայթ Օք պողոտային վրայ գտնուող իր կալուածը անցեալ տարի ընդարձակած էր երեք արտավարով (acre), գործնականօրէն կրկնապատկելով իր տարածքը, եւ փաստօրէն տրամադրելի դարձնելով նոր դասարաններ, երկրորդ մարզասրահ մը, եւ ուսումնական կարիքներու համար տարբեր այլ միջավայրեր:

Ներկայիս, «Ֆերահեան»ը հպարտ է, որ ունի 550 աշակերտներ, որոնք Գապայեանի եւ Փիլաւճեանի իրենց 675 փոքր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ միասին առիթը ունին բարգաւաճելու կրթական, մարմնամարզական եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ ու յատկապէս, ապահով հայկական միջավայրի մը մէջ:

Ապագան փայլուն է Սան Ֆերնանտօ հովիտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող Ֆերահեան-Գապայեան-Փիլաւճեան դպրոցական համակարգին, որ ներկայիս կը թեւակոխէ համայնքին իր 60րդ տարիներու ծառայութեան դարպասին մէջ:

Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու առաջին ամէնօրեայ հայկական դպրոցը՝ վճռակամութիւնը եւ նպատակը ունինք շարունակել առաջնորդելու մեր բացած ուղին յաջորդ 60 տարիներուն համար եւ անպայմանօրէն անկէ ետք եւս:

Նորագոյն կրթական եւ կալուածային ընդարձակման ջանքերը այս ուղղութեամբ մեր ապահովագրութիւնն են: