Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Լոս Անճելըսի եւ յատկապէս Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութիւնը յատուկ արարողութեամբ մը պիտի յարգէ հայ ոստիկան Ճէյք Յակոբ Քիւրէճեանի յիշատակը, եւ այս առթիւ, թիւ 5 ազատուղիին վրայ հատուած մը անոր անունով պիտի կոչէ։
Ճէյք Յակոբ Քիւրէճեան, 2001-ին, Սանթա Քլարիթայի մէջ զոհ գնաց ոճրային արարքի մը, երբ գործակիցներու հետ առաքուած էր հետապնդելու աւազակ մը: Ան 40 տարեկան էր։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
31 Օգոստոս 2001ին, հայ ոստիկան մը՝ Ճէյք Յակոբ Քիւրէճեան, Սանթա Քլարիթայի մէջ զոհ գնաց ոճրային արարքի մը, երբ գործակիցներու հետ առաքուած էր հետապնդելու աւազակ մը: Ան 40 տարեկան էր:
Լոս Անճելըսի եւ յատկապէս Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութիւնը ամէն տարի յատուկ արարողութեամբ մը կը յարգէ Ճէյք Յակոբի յիշատակը: Անոր յիշատակին ձօնուած են Սանթա Քլարիթայի մէջ հանրային զբօսավայր մը, փողոց մը, իր անունով կը կոչուին ոստիկաններու շրջանաւարտ դասարաններ եւ այլ մրցանակներ: Ան կը յիշուի նաեւ Մալիպուի մէջ, իր հերոսական արարքին համար (կեանք մը փրկած էր):
Այս տարի, Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութեան գրասենեակը (Sherriff Department) որոշած է դարձեալ յատուկ արարողութեամբ մը ոգեկոչել իր նահատակ ոստիկանին յիշատակը, եւ այս առիթով, թիւ 5 ազատուղիին վրայ հատուած մը պիտի կոչուի Քիւրէճեանի անուով եւ անոր վրայ պիտի հաստատուի անոր անունով ցուցատախտակ մը: Արարողութիւնը նախատեսուած է Չորեքշաբթի, 8 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Սանթա Քլարիթա քաղաքի Փօ եւ ՄըքՊին (Poe/McBean-Stevenson Ranch Prkw) փողոցներու խաչմերուկին վրայ, յիշեալ զբօսավայրին մօտ:
Հանրութիւնը կրնայ ներկայ ըլլալ արարողութեան: