Օրերս Լոս Անճելըսի Ալթատինա քաղաքի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Վ. եւ Ն. Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է նոր Խաչքարի տեղադրման եւ օծման արարողութիւն։ Խաչքարի նուիրատուն էր Տիար Տին Շահինեան՝ Ուաշինկթընէն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝
Վերջերս, Լոս Անճելըսի Ալթատինա քաղաքի «Վ. եւ Ն. Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնը հարստացաւ փառաւոր խաչքարով մը, որուն նուիրատուն էր Տիար Տին Շահինեան՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն։ Ան ջերմ պաշտպան է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին եւ եկեղեցական ճարտարապետութեան։
Օրուան հանդիսավարն էր ԹՄՄ Մեծն Լոս Անճելըսի վարչութեան անդամ եւ ԱՄՆ-ի ու Քանատայի ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան օգնական քարտուղար Պրն. Միհրան Թումաճան։ Խաչքարի օծման արարողութիւնը կատարեց Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան՝ ընկերակցութեամբ քահանայ հայրերու։ Խաչքարին հեղինակն է հռչակուած քանդակագործ Վարազդատ Համբարձումեան։
Խաչքարի նուիրատու Շահինեան նշեց որ Խաչքարը կը նուիրուի ի յիշատակ մայրական կողմէ իր մեծ հօր՝ Տ. Վահան (Մանուկ) Ճելալեանի, ծնած՝ 1891ին Բալու քաղաքը։ Ան, 1936 թուականին քահանայ կը ձեռնադրուի Կիպրոսի մէջ, ապա կը վերադառնայ ԱՄՆ ու կը ծառայէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ որպէս հովիւ Տիթրոյթ, Փրավիտընս եւ Նիւ Ճըրզի։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Ս. Ներսէս Ընծայարանի դասախօսուհի Դոկտ. Անի Շահինեան, որ ներկաները հրապուրեց Հայ քիստոնէական մշակոյթի մասին ունեցած իր բացառիկ գիտելիքներով։ Ան նոյնպէս շնորհաւորեց ԹՄՄ-ը եւ ներկայացուց առհասարակ խաչքարերու արժէքն ու նշանակութիւնը, «Հրաբխային մոխիրէ բաղկացած տուֆ ժայռը դարերու ընթացքին եղած է հայկական ճարտարապետութեան եւ խաչքարակերտման գլխաւոր նիւթը, որմէ կերտուած են մեր տաճարներն ու կոթողային բազմանշանակ խաչքարերը», ըսաւ ան եւ ապա մանրամասնօրէն վերլուծեց օծուած խաչքարին առանձնայատկութիւնները։
Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս» տողերը կը ներկայացնեն հիմնական պատգամը այս խաչքարին, որուն կեդրոնական պատկերն է քրիստոնէութեան խորհրդանիշ ԽԱՉԸ, Խոր Վիրապի քանդակը՝ Մասիսներու խորքի վրայ, շրջապատուած հրեշտակներով, նուռերով, որպէս բազմացման խորհրդանիշ, թռչուններով եւ որթատունկերով, որոնք կը խորհրդանշեն աշխարստեղծումը Աստոծոյ կողմէ։ Հայոց այբուբենը նոյնպէս տեղադրուած է հոս՝ ի յաւելումն յաւերժութեան խորհրդանշանի։ Խաչը շրջապատուած է նաեւ Տիրոջ եւ Քրիստոսի անուններու յապաւումներով, ինչպէս առհասարակ ընդունուած է խաչքարի կերտման եւ ձեռագիրներու ծաղկման (զարդանկար) արուեստին մէջ։
Հանդիսավար Մ. Թումաճան ներկայացուց հանդիսութեան պատուոյ հիւր, «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանակիր Դոկտ. Մինաս Գոճայեանը՝ ըսելով որ ան առաջին մէկ օրէն անվերապահ աջակցութիւն ցոյց տուած է ԹՄՄ-ին Մեծն Լոս Անճելըսի վարչութեան՝ վերջինիս 2018-ի կազմաւորումէն ետք։ Ան ներկայացուեցաւ որպէս տիպար ուսուցիչ եւ դաստիարակ, որուն աշակերտ-աշակերտուհիներէն ոմանք ներկայ են եւ վերցուցած են ազգային-մշակութային պարտականութիւններ ո՛չ միայն ԱՄՆ-ի տարածքին այլեւ Կիպրոսէն Երեւան, Երուսաղէմէն Քանատա։
Դոկտ. Մ. Գոճայեան իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ անդրադարձաւ օծուած խաչքարի եւ ընդհանրապէս խաչքարերու յաւերժութեան նշանին մասին։ Անուրանալի է վարչութեան անկոտրում նուիրեալ Գարլ Պարտագեանի անանձնական համակ նուիրումը, որով ան կրցաւ յաջողութեամբ գլուխ հանել խաչքարի ծրագիրը։ Հանդիսաար Մ. Թումաճան յատուկ կերպով շեշտեց Գարլի մատուցած ծառայութիւնները ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի խումբերը մարզելու ծրագիրներուն մէջ՝ մեր խումբերը պատրաստելով համահայկական եւ միջազգային մրցոյթներու։ Հանդիսավարի խօսքերը ներկաներուն կողմէ արժանացան բուռն ծափահարութիւններու։
Գ. Պարտագեան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց խաչքարի կանգնեցման աշխատանքներուն մասնակցած նուիրեալ կամաւորներուն եւ իր խօսքը աւարտեց Աւարայրի ճակատամարտէն առաջ Վարդան Մամիկոնեանի արտասանած ճառէն՝ պատշաճեցնելով օրուան արարողութեան՝ «ո՛չ հուրը եւ ո՛չ ալ սուրը» պիտի արգիլէին Մեծն Լոս Անճելըսի ԹՄՄ վարչութեան ետ կենալու խաչքար կանգնեցնելու տեսիլքէն, եւ նշեց. «ասիկա Աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր ծրագիր մըն էր»։
Խաչքարի օծման հանդիսութեան աւարտին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան իր օրհնութիւնները փոխանցեց մեծայարգ նուիրատուին՝ Տին Շահինեանին, ԹՄՄ Մեծն Լոս Անճելըսի վարչութեան այս օրինակելի նախաձեռնութեան համար, որովհետեւ Սան Կապրիէլ (San Gabriel) հովիտի կարեւոր խաչմերուկի մը վրայ կանգնեցուած այս հայկական կոթողը տեսանելի ըլլալով հայերուն եւ օտարներուն՝ պիտի ունենայ դաստիարակիչ եւ կրթիչ դեր մը։