image

Լոս Անճելըսի մէջ. Պիտի բացուի «ԹՈՒՄՕ»ի մասնաճիւղը (Տեսանիւթ)

Լոս Անճելըսի մէջ. Պիտի բացուի «ԹՈՒՄՕ»ի մասնաճիւղը (Տեսանիւթ)

Օրերս, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ուեցած է Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ կառուցուելիք ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի հիմնարկէքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պեսը։

Կեդրոնը պիտի կառուցուի Նորթ Հոլիվուտի 4146 Lankershim Boulevard հասցէին։ Այս մասին Կը կարդանք «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պես Երկուշաբթի օր (12 Փետրուարին), իր մասնակցութիւնը բերաւ Լոս Անճելըսի հարաւ-արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ կառուցուելիք ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի հիմնարկէքին։ Կեդրոնը պիտի կառուցուի Նորթ Հոլիվուտի 4146 Lankershim Boulevard հասցէին։

Հիմնարկէքին ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Ատրին Նազարեան, որ ներկայիս թեկնածու է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն (2րդ ընտրատարածք)։ ԹՈՒՄՕի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեան եւս մասնակցեցաւ հիմնարկէքին։

ԹՈՒՄՕի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը արդի արհեստագիտութեան եւ ձեւաւորումի արտադպրոցական անվճար պատրաստութիւն պիտի տրամադրէ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, 14 տարբեր դասանիւթերու միջոցաւ։

Յայտնենք, որ աշխարհի տարածքին ԹՈՒՄՕն իր 13 կեդրոններով այսպիսի սպասարկութիւններ կը տրամադրէ առաւել քան 25,000 պատանիներու եւ երիտասարդներու, 9 երկիրներու մէջ։

Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջինը հանդիսացող ԹՈՒՄՕի այս կեդրոնը կարելի կը դառնայ 

Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւններուն տրամադրած 23.25 միլիոն տոլարի աջակցութեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային իշխանութիւններուն 3 միլիոն տոլարի նպաստին շնորհիւ։