Լոս Անճելըսի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմնէն ստացած ենք հաղորդագրութիւն յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք ոգեկոչման ձեռնարկին մասին։
Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝
Վերջին տասնամեակներուն, Լոս Անճելըսի հայ համայնքին համար սովորութիւն դարձած է Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարել գաղութի հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն կազմուած Միացեալ Մարմինին միջոցով: Այս մարմինին մաս կազմած են կազմակերպութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւնները, կրօնական յարանուանութիւնները, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններ, իսկ այժմ, Միացեալ Մարմինին միացած են առաւել քան 40 միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
Միացեալ Մարմինին որոշումով. այս տարի՝ Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցը պիտի ոգեկոչուի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ (901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640), նախ՝ կրօնական արարողութեամբ, ապա ծաղկեպսակներու զետեղումով: Իսկ օրուան պատգամաբերը պիտի ըլլայ իրաւաբան Գառնիկ Քէրքոնեան:
Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած շարունակական ցեղասպանութիւնը, մանաւանդ վերջին տարիներուն Արցախի կորուստին, հազարաւոր նոր նահատակներու եւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանման՝ կը հրաւիրենք գաղութի հայ համայնքը՝ մասնակցելու, վերանորոգելու պահանջիրութեան ուխտը եւ անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցելու սրբադասուած մեր անմեղ նահատակներու յիշատակին: