image

Լիմասոլի մէջ. Կրտսեր պատանիներու համար «Ուրախ ամառնային ամիս» խորագրով ձեռնարկ

   Լիմասոլի մէջ. Կրտսեր պատանիներու համար «Ուրախ ամառնային  ամիս» խորագրով   ձեռնարկ

     Օրերս Կիպրոսի Լիմասոլի  քաղաքին մէջ, կազմակերպութեամբ տեղի մարմիններուն  իրագործուած է պատանիներու  նուիրուած յատուկ ամառնային միջոցառում մը։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Կիպրոսի իր աղբիւրէն։

Ստորեւ այդ մասին  պատրաստուած  լրատւութիւնը՝

Լիմասոլի Ս․Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, Հ․Յ․Դ Խումբը եւ Համազգային Յանձնախումբը միասնաբար՝ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեցին «Ուրախ Ամառնային Ամիս» խորագրով  ձեռնարկ մը։ Հինգ շաբթուան վրայ երկարող այս ծրագրի առաջին շաբաթը իրագործուեցաւ մեծ յաջողութեամբ։ Գրանցուած 16 կրտսերներ ամէն օր (բացի Շաբաթ եւ Կիրակի), ժամը 08։00էն մինչեւ 13։00, հաւաքուեցան Լիմասոլի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ Սրահը։ Տիկ․Վարդինէ Էթոյեանի գլխաւորութեամբ եւ Վերոնիքա ու Լիլիթ Բէկլարեան քոյրերու օժանդակութեամբ՝ կազմակերպուեցան առաւօտեան մարզանքներ, խաղեր, երգեր, պարեր եւ ձեռային աշխատանքներ։ Խմբակի մը ուրախութիւնը անսահման էր, երբ երկու օր յարատեւ աշխատանքէ ետք կազմեց բազմակտոր jigsaw puzzle մը։ Ուրբաթ օրուան նախատեսուած՝ դէպի Հանրային Պարտէզ պտոյտէն ետք, ինչպէս նաեւ ամէն կէսօր, կրտսերները դժկամութեամբ վերադարձան տուն։