Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ Լիբանանի կողմէ Իսրայէլի տարածքի ուղղութեամբ շուրջ 30 արկ արձակուած է։
Այս մասին ըսուած է պաշտպանութեան բանակի թելեկրամեան ալիքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ արձակման աղբիւրներու ուղղութեամբ հարուածներ կը հասցուին:
«Յայտնաբերուած է շուրջ 30 արկ, որոնք Լիբանանէն արձակուած են դէպի Քապրիի շրջան. անոնցմէ մի քանին ինկած է բաց տարածքի մէջ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Տուժածներու մասին տուեալներ չեն ստացուած։