image

Լիբանանեան բանակը իր տիրապետութեան տակ առած է «Տահէշ»ի երկու կարեւոր դիրքեր

Լիբանանեան բանակը   իր տիրապետութեան տակ առած է  «Տահէշ»ի երկու կարեւոր  դիրքեր

Լիբանանեան բանակի ստորաբաժանումներ    ազատագրած են Պաալպէքի լեռնային   հատուածներուն   մէջ  եղող երկու յատկանշական բլուրներ, որոնք  կը գտնուէի «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան  տակ:  

Այս մասին տեղեկութիւնը  տրուած է բանակին  մօտիկ եղող  աղբիւր մը: ռազմական տարբեր աղբիւրներ:

Ըստ աղբիրին  այսպիսի  ռազմավարական  դիրք ունեցող բլուրներու վրայ վերահսկողութիւնը, արդէն յաղթանակ կը համարուի, նկատի առնելով որ տակաւին ոչ մէկ կրակոց պատահած  է «Տահէշ»ի ահաբեկիչներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ    լիբանանեան «Հըզպալլա»ն   յաջողած էր   «Ալ  Նուսրա»  ճակատի  զինեալները հեռացնել   Արսէլէն եւ իր վերահսկողութեան տակ առնել     ամբողջ  այդ շրջանը:

 Շաբաթ մը տեւած մարտերէ  ետք «Ալ Նուսրա»ն  տեղի տալով  քաշուած էր այդ հատուածներէն:

Համաձայնութեան հիմունքով «Ալ Նուսրա»ի  զինեալները եւ անոնց ընտանիքները  թիւով ՝ 7777 հեռացած էին Լիբանանէն եւ ցամաքային ճանապարհ առնելով հասած   Սուրիոյ  Իտլիպ նահանգը, որ այսօր կը համարուի «Ալ Նուսրա»ի    գլխաւոր կեդրոնատեղի: