image

«Գոյ» թատրոնը վերադարձած է նստացոյցի

«Գոյ» թատրոնը վերադարձած է   նստացոյցի

«Գոյ» թատրոնը վերսկսած է նստացոյցը:

Այս մասին կը տեղեկանանք «Գոյ» թատրոնի դիմատետրեան էջին տարածած յայտարարութենէն:

«07.11.2024թ.-ի ժամը 20։00-ից Գոյ թատրոնը վերսկսել է նստացոյցը 24 ժամ ռեժիմով թատրոնի մուտքի մօտ։

Պահանջը կը հրապարակենք 08.11.2024թ. Ժամը 10։00»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ 35 տարի գործող «Գոյ» թատրոնը կառավարութեան որոշմամբ տարեսկիզբին միացաւ Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնին։ «Գոյ» թատրոնի դերասանական ու ստեղծագործական կազմը, սակայն, դէմ է այդ որոշման։ Անոնք կ՚ուզեն խաղալ առանձին թատրոնի մէջ։ Միաւորման վերաբերեալ կառավարութեան որոշումը «Գոյ»ի անձնակազմը կը վիճարկէ դատարանէն ներս։

Նոյեմբեր 2-ին «Գոյ» թատրոնի դերասանական ու ստեղծագործական կազմը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որ պիտի վերսկսին իրենց բնականոն աշխատանքը, սակայն, նոյեմբեր 4-ին Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանը պնդած է՝ որեւէ որոշում չկայ, որ «Գոյ» թատրոնը վերսկսի իր բնականոն աշխատանքը: