image

Լիբանանցի «վիրաւոր» մարզիկը Հռոմի Պապին գիրքն ու օրհնութիւնը պիտի տանի հիւսիսային բեւեռ

 Լիբանանցի     «վիրաւոր» մարզիկը  Հռոմի  Պապին գիրքն ու  օրհնութիւնը պիտի տանի  հիւսիսային բեւեռ

Լիբանանցի մարզիկ՝ Մայքըլ Հատտատ, որ կիսով անդամալոյծ է, իր յենակներով պիտի կտրէ Նորվեկիոյ Սվալպարտ հիւսիս բեւեռի կղզին, այնտեղ զետեղելու Պապի օրհնութիւնը կրող գիրքը կլիմայի տաքացման մասին: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Ժումհուրիէ» կայքէն: 

Մայքըլ ճամբորդութեան ընթացքին իր հետ պիտի տանի  Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի  "Why Are You Afraid, Have You No Faith?"(Ինչու կը վախնաս: Հաւատք չունի՞ս) վերնագրով գիրքը, որ գրած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետը «Քովիտ» համաճարակի առաջին ալիքի ժամանակ 2020-ին: Գիրքի այս օրինակը կը տարբերի միւս օրինակներէն այն առումով, որ ան օրհնուած է Հռոմի Պապին կողմէ, հնարաւորութիւն տալով Մայքըլին   քահանայապետի պատգամը իր հետ տանելու աշխարհով մէկ: Մայքըլ այդ գիրքը  պիտի հասցընէ Հիւսիսային բեւեռէն 1300 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող  աշխարհի ամէնէն մեծ ու անվտանգ համարուող շտեմարանը, որ նախատեսուած է պահպանելու մշակովի յայտնի հացահատիկներու տեսականին: 

Ի դէպ Հատտատ արժանացած է ՄԱԿ-ի արաբական երկիրներու զարգացման ծրագրերու ծիրէն ներս, մանաւանդ բնապահպանական հարցերու, «բարի նպատակներու դեսպան»ի տիտղոսին: Ան 2019-ին յայտարարած էր, որ պիտի իրականացնէ այս երթը՝  աշխարհի ուշադրութիւնը  հրաւիրելու կլիմայի փոփոխութեան կործանարար ազդեցութեան վրայ։ Այս երթը նախատեսուած էր 2020-ին, բայց համաճարակի պատճառաւ յետաձգուած է եւ պիտի կայացուի  մինչեւ Փետրուար 2022-ը: 

Հատտատ անդրադառնալով իր  նոր  իրագործելիք  նուաճումին,  մասնաւորապէս ըսած է,- «Հաշմանդամութիւն ունեցող մարդիկ կը կազմեն աշխարհի բնակչութեան 15 տոկոսը: Կլիմայական ճգնաժամը աշխարհի այլ բնակիչներէն աւելի անոնց վրայ պիտի ազդէ: Պատկերացուցէք, որ ջրհեղեղներու ժամանակ, երբ մարդիկ կը վազվզեն աջ ու ձախ, հաշմանդամները իրենց սայլակներով գամուած պիտի մնան հողին»:

Աղբիւրը նշած է թէ Մայքըլ Հատտատ, 6 տարեկան հասակին ենթարկուած է  արկածի մը, որու հետեւանքով անդամալուծուած է եւ անոր  մարմինը կորսնցուցած իր շաժունականութեան 75 տոկոսը: Ան կը տեղափոխուի իւրայատուկ յառաջացած արտակմախքով մը, որ  պատրաստուած է բժիշկներու եւ գիտնականներու կողմէ, որ կ'ապահովէ Հատտատի հաւասարակշռութիւնը, որպէսզի ան կարողանայ շարժիլ: 

Այս ճամբորդութեան ընթացքին, որ պիտի տեւէ 10-էն 14 օր, Հատտատին պիտի ընկերակցին մասնագէտներու անձնակազմ մը: Ան պատրաստ է կատարելու այս առաքելութիւնը  մեծ հաւատքով ու վճռականութեամբ:

Հարկ է յիշել, որ քառասունամեայ լիբանանցի մարզիկը, նախապէս արձանագրած է զանազան նուաճումներ  լեռնագնացութեան, անապատներ կտրելու եւ մարաթոնի ոլորտներուն մէջ։