«Արեւելք» համացանցէն իմացաւ, որ լիբանանցի տաղանդաւոր դերասանուհի՝ Նատին Նըժէյմ նշանուած է հալէպահայ մեր հայրենակից՝ Նարեկ Նարպէքեանին հետ։
Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ նմանախօսութիւնը տեղի ունեցած է Նըժէյմի ծննդեան օրուան նուիրուած սեղմ-ընկերակական հաւաքի մը ընթացքին։ Նըժէյմ իր նշանախօսութեան լուրին առկցած է լուսանկար մը՝ իր ընտրեալին հետ ու այն տեղադրած «Ինսթակրամ»ի իր էջին, արժանանալով իր երկրպագուներու հաւանումներուն ու դրական խօսքերուն։
Յիշեցնենք,որ մասնաւորապէս 2010-էն ասդին հանրայայտ դարձած դերասանուհին ապրած է ամուսնական առաջին փորձառութիւն մը եւ մայր է երկու զաւակներու։
Անոր տաղանդին մասին շատեր արտայայտուած են նշելով, որ Նըժէյմ, ոչ միայն լիբանանեան մակարդակի դերասանուհի է, այլ ան կը համարուի արաբական աշխարհի լաւագոյն աստղերէն մին։