Հակառակ Լիբանանանի մէջ տիրող ամենածար պայմաններուն բոլորիս համար յարգելի ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ միութիւնը կը շարունակէ պատնէշի վրայ։ Այս առումով ալ աւելի քան բացառիկ ճիգ կը համարուի օրերս տեղի ունեցած եւ մեծ յաջողութեամբ պսակուած աշուղական երգերու երեկոն։
Անշուշտ այս աշխատանքներու ետին կան սպիտակ ձեռքեր, որոնք կը գործեն տիւ եւ գիշեր յաճախ մնալով լոյսերէ հեռու եւ անշուշտ առանց աւելորդ ձեւականութեան ու աղմուկի։
Այդ նուիրեալ անուններէն է ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի նախագահ Վիգէն Չերչեանը, որ կարեւոր դեր ունեցած է սոյն ձեռնարկի յաջողութեան։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք այդ ձեռնարկին մասին եղած լրատւութիւնը մշտանորոգ եռանդ եւ անխափան երթ մաղթելով ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքին։
Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան բոլորած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ, ապագայի հանդէպ լաւատեսութեան շող մը ծագեցաւ Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ՝ հանրածանօթ եւ տաղանդաւոր արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, ժողովորդային, աշուղական եւ ազգային երգերու բացառիկ երեկոյով մը, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի մեծ սրահին մէջ: Նուագախումբի ղեկավար Գէորգ Քէշիշեան, գեղարուեստական ղեկավար Ճոնի Կէօքճեան:
Ձեռնարկը կը վայելէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան մշակութային բաժնին հովանաւորութիւնը:
Մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը գրաւած էր սրահին բոլոր աթռռները, որոնց մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան մշակութային բաժնի պատասխանատու՝ Ստեփան Գէորգեան, Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի ներկայացուցիչ՝ արժանապատիւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահէքեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի տարբեր վարչութիւններ, հայկական քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան երկարամեայ վարչական, ՀԵԸ-ի մէջ տարբեր պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած նորոք հանգուցեալ Ռուպինա Ճիկերեանի յիշատակը:
ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան վարչութեան անդամ տոքթ. Շահէ Փարթամեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ձեռնարկին նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցելուն եւ հաճելի ունկնդրութիւն մաղթեց բոլորին:
Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան երեկոյին արուսետագէտները: Բեմը զարդարուած էր օրուան խորհուրդին պատշաճ նկարներով:
Արուեստագէտ- արուեստագիտուհիներուն ճաշակաւոր տարազները տոհմիկ երեկոյի հարազատ բոյր տուած էին հանդիսութեան: Անոնք գեղարուեստական ղեկավար Ճոնի Կէօքճեանի եւ նուագախումբի ղեկավար Գէորգ Քէշիշեանի գլխաւորութեամբ կատարեցին ժողովրդային, աշուղական եւ ազգային սիրուած երգերու ընտրանի մը: ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի անդամ Նարինէ Էքիզեան մենապարով հմայեց ներկաները: Հանդիսատեսները պահ մը մոռցած իրենց ամենօրեայ դժուարութիւնները, խանդավառ ծափերով ոգեւորեցին կատարողները:
Համերգը աւարտած էր, հանդիսականները չէին հեռանար սրահէն: Ընդառաջելով ներկաներուն բուռն փափաքին, բոլորը միասնաբար երգեցին «Սարդարապատ»ը:
Վարձքը կատար ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան վարչութեան եւ ձեռնարկի յաջողութեան սատարող բոլոր անհատներուն: