image

Լիբանանահայ թատերական կեանքի անուններէն՝ Յովսէփ Գաբլանեանի մահը

Լիբանանահայ թատերական կեանքի անուններէն՝ Յովսէփ Գաբլանեանի մահը

Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ թատերական կեանքի անուններէն՝ Յովսէփ Գաբլանեան։

Տխուր լուրի մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Յովսէփ Գաբլանեանի մասին ծանօթացման կարճ գիր մը, որուն հեղինակն է լիբանանահայ բեմադրիչ՝ Յարութ Գնդունին։

Գնդունի կը գրէ՝ 

Լիբանանահայ վաստակշատ դերասան Յովսէփ Գաբլանեանը (Եուսուֆը), մօտ 55 տարի ծառայած է լիբանանահայ բեմին։

Ան եղած է Վարուժան Խտըշեանի յայտնաբերած այն դերասաններէն, որոնք հետեւելով վարպետին ցուցմունքներուն, մարզուած ու սորված են «բեմական խօսքը», «բեմական կեցուածքը», «բեմական խաղարկութիւնը»։ 

Բեմադրիչ եւ դերասան Վարուժան Խտըշեանի սեղանի աշխատանքներէն են բնական շեշտադրութիւն, մաքուր առոգանութիւն, դիմագծային խաղեր, մարմինի գործածութիւն, կերպարի վերլուծում...մէկ խօսքով՝ Վարուժանի բծախնդիր մօտեցումով, այդ տղաքն ու աղջիկները հասած են արհեստավարժ մակարդակի։

Յովսէփ Գաբլանեանը՝ կրնանք ըսել, որ իր մէջ գտնուող դերասանական ձիրքը զարգացուցած է շնորհիւ Վ. Խտըշեանի «տիսիփլին»ային աշխատանքին։ Վարուժանը Յովսէփ Գաբլանեանին թատերական անունը դրած է «Եուսուֆ»: 

Բեմադրիչ-դերասան Վարուժան Խտըշեան աւարտելէ ետք Լոնտոնի «Մաունթ Վիու» թատերական դպրոցը, կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը ստանձնէ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի բեմադրիչի պաշտօնը եւ մարզելէ ետք խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, բեմ կը հանէ ՆՈ՛Ր ուժերով ՆՈ՛Ր թատերախաղեր։

Հոս է որ Եուսուֆը, առաջին անգամ՝ երկրորդական դերով բեմ կը բարձրանայ, Վ. Խտըշեանի բեմադրած «Իտալական Յարդէ Գլխարկը» կատակերգութեան մէջ, ու այնուհետեւ, մօտ 50 տարիներ՝ 25 զանազան կերպարներներով բեմ կը բարձրանայ։

Վարուժան Խտըշեան նախ բեմադրութիւններ կը կատարէ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբով, ապա իր հիմնած անկախ «Թատրոն 67» խումբով եւ յետոյ ստանձնելով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» խումբը, կը կատարէ տասնեակ բեմադրութիւններ։

Եուսուֆ, 60-80-ական թուականներուն, Վ. Խտըշեանի բեմադրած գործերուն մէջ փոքր դերերով հանդէս եկած է, որոնցմէ կ'ուզեմ յիշել՝ Նիլ Սայմընի «Կոճատ Զոյգը» (Պիտի դերով), Էօժէն Լապիշի «Իտալական Յարդէ Գլխարկը» (Պոժոլի), Շէյքսփիրի «Վենետիկի Վաճառական» (Դատաւոր), Հերլտ Փինթըրի «Գիշեր Մը Դուրսը» (Խանութպան), Պարոնեանի «Ալաֆրանկա» (Մարկոս), Սայմընի «Հանրային Պարտէզին Մէջ Բոպիկ» (Հեռաձայնի պաշտօնեայ) եւ շարունակելի...

Յիշեմ նաեւ, որ 1979-ին, իմ հեղինակած եւ բեմադրած «Խաբողին Խաբող ու Կէս» թատերախաղին մէջ Յովսէփ Գաբլանեանը սիրայօժար կերպով մարմնաւորեց Տէր Աբրահամի կերպարը։

2011 թուականին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրած «Զանզալախտ» թատերախաղին մէջ, Յովսէփ Գաբլանեանը ստանցնած է Ժեներալի դերը ու այնուհետեւ շարունակած զանազան դերերով բեմ գալ «Իփէկեան» թատերախումբին հետ։

Յովսէփ Գաբլանեանը նաեւ նկարահանուած է կարճամեթրաժ ֆիլմի մը մէջ «Հրամեցէք» խորագրով, որուն մէջի ներկայացուցած կերպարը, գնահատուած է ու արժանացած մրցանակի։ Յիշեմ, որ 36 երկիրներ իրենց կարճամեթրաժ ֆիլմերով մասնակցած են սոյն «ֆեստիվալ»ին եւ որպէս յաջողագոյն դերասան ընտրուած է Յովսէփ Գաբլանեանը։

Եուսուֆ ունեցած է բեմի «խենթ» ընկերներ, ինչպէս՝ Մարի-Ռոզ Մանուկեանը, Յակոբ Գալայճեանը, Զաւէն Պաաքլինին, Վազգէն Դարբինեանը եւ ուրիշներ, որոնք տարիներ շարունակ իրար հետ աշխատած են եւ եղած են «բեմի» ընտանիքի անդամներ։

Ըստ Զաւէն Պաաքլինիին՝ «Կամուրջէն Դիտուած» թատերախաղին մէջ, «Մարքօ»ի կերպարով, Յովսէփը հիացուցած է հանդիսատեսը իր խաղարկութեամբ։

Այս մասին կ'ուզեմ մէջբերել մամուլէն երկու վկայութիւններ՝

1) Ազդակ օրաթերթին մէջ, Շահանդուխտը, 4 Փետրուար, 1985-ին, կը վկայէ՝ «Ինքնատիպ խաղարկութիւն մը ունեցաւ Յովսէփ Գաբլանեանը (Մարքօ-ի դերով «Կամուրջէն Դիտուած»), իր ձայնային յատուկ գոյնով, խեղդուած ձայնով, որ նոր տեսակի առնականութիւն մը կ'արտայայտէ քաջի եւ յանդուգն մարդու իր կերպարին համար»։

2) Ազդակ օրաթերթի 7 Նոյեմբեր, 1985-ի թիւին մէջ Սոնա Ղազարեան կը վկայէ՝ «Մարքօ (Յովսէփ Գաբլանեան) բաւական հարազատ խաղարկութեամբ մեկնաբանեց սակաւախօս, ընկճուած, պատուախնդիր ու աշխատասէր սիկիլիացին, միշտ բռնուելու վախէն հալածուած։ Ան հաճելի մրցակիցի մը տպաւորութիւնը ձգեց հանդիսատեսին վրայ»։

Ըստ Մարտիկ Տէմիրճեանին՝ «Յովսէփ Գաբլանեանը մարդկային էր եւ 50 տարուայ թատերական կեանքին մէջ ան ինքնուրոյն տեղը ունեցաւ եւ թատերական կրթութիւնը ստացաւ Վարուժան Խտըշեանի հովանիին տակ։ Մօտ տասը հոգի տարիներով միասին եղած էին թատերական խումբին մէջ, անոնք ընտանիք մըն էին»։

Կրկնելու սիրոյն, ըսեմ, թէ Վարուժան Խտըշեանի «դպրոցէն» դուրս եկած տղաքն ու աղջիկները թատերական դպրոց աւարտողի մակարդակով դերասաններ եղած են. Վարուժանի թատերական «տիսիփլին»ը կերտած է այդ տղաքն ու աղջիկները, որոնք սիրած ու կապուած են թատրոնին եւ տարիներ շարունակ ծառայած են առանց նիւթական ակնկալութեան։

Ըստ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին՝ ««Եուսուֆ»ին բեմի վրայ երեւնալը կամ թատերախաղի մը մէջ երեւնալը կը ճոխացնէր բեմը»։

Եուսուֆը իր մարմնաւորած 25-է աւելի կարճ կերպարներուն մէջէն շատ սիրած է «Հայաստանի Լեռներու Սրնգահարը» եւ «Կամուրջէն Դիտուած» թատերախաղերուն մէջ մարմնաւորած իր կերպարները։

Եզրակացնելով ըսեմ՝ Եուսուֆը (Յովսէփ Գաբլանեան), ինքնուս թատերական ձիրքով օժտուած դերասան մըն էր։

Վստահաբար ան միշտ պիտի յիշուի իր բեմընկերներուն կողմէ իր բարի բնաւորութեամբ, իր ժպտադէմ հիւրասիրութեամբ. ան որպէս ընկերային մարդ, իր թատրոնի ընկերներուն մեծապէս կապուած ու սիրուած անձնաւորութիւն էր։

Եուսուֆ, ես երբեք չեմ կրնար ՄՈՌՆԱԼ, քու ձայնդ միշտ ականջիս մէջն է։

Յիշատակդ անթառամ թող մնայ՝ յարգանք քու բեմական աշխատանքիդ ու վաստակիդ, քեզ միշտ պիտի յիշենք։