image
Հրատապ լուրեր:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ անձնակազմը աւարտած է հերթապահութիւնը․ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ անձնակազմը աւարտած է հերթապահութիւնը․ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ անձնակազմի հերթապահութեան աւարտի մասին։

«Կ՚աւարտի խաղաղապահ զօրախումբի անձնակազմի Հերթապահութիւնը, ինչպէս նաեւ զէնքի եւ ռազմական տեխնիկայի տեղափոխումը Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ ծրագրային վերանորոգման համար»,-ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան  պաշտպանական գերատեսչութեան տեղեկագրին մէջ։

 

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է նաեւ, որ Պաքուի հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի՝ ուղղուած արիւնահեղութեան կանխման, անվտանգութեան ապահովման եւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ մարդասիրական իրաւունքի պահպանման։