image

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում. Ռուսիայէն արձագանգ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում. Ռուսիայէն արձագանգ

Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանին մէջ, 26 մարտին, արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի խախտման մէկ դէպք։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Տուժածներ չկան։ Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ուժերը տուեալ փաստի առնչութեամբ քննութիւն կ'իրականացնեն», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ 26 մարտին Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է երկու ուղղութիւններով ատրպէյճանական դիրքերէ արձակուած կրակոցներու վերաբերեալ։

Ատրպէյճանական Զինուած Ուժերու յառաջխաղացումէն ետք խաղաղապահները դիրքաւորուած են տուեալ բարձունքին վրայ:

Առաջինի պարագային, առաւօտեան 10:10-ի սահմաններուն հակառակորդի դիրքերէն հրաձգային զէնքերով անկանոն կրակոցներ արձակուած էին Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ գիւղի «Խզազէն տակ» կոչուող տեղամասի խաղողի այգիին մէջ աշխատանքներ կատարող գիւղացիներու ուղղութեամբ։

Նոյն օրը` ժամը 11:05-ի սահմաններուն, ատրպէյճանցի զինծառայողներու կրակոցներու թիրախ յայտնուած են Թաղավարդ գիւղի վարչական տարածքին մէջ գտնուող «Շեխերի երես» կոչուող տեղամասի ցորենի դաշտին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող գիւղացիները։ Բարեբախտաբար, տուժածներ չկան, սակայն գիւղատնտեսական աշխատանքները դադրեցուած են։