image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրովի հեգնանքը «Փան-թուրք» քարտէզին

Լաւրովի հեգնանքը «Փան-թուրք» քարտէզին

Ռուսաստանը նոյնպէս կրնայ աշխարհի քարտէզը ներկել տարբեր գոյներով ՝ «ցեղակիցներու» բնակութեան ցեղին համապատասխան: Այդ պարագային այդ գոյները պիտի զբաղեցնեն աշխարհի գրեթէ բոլոր տարածաշրջանները, յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով ՝ մեկնաբանելով թրքական աշխարհի քարտէզը, որ նուիրած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին:

Աւելի վաղ Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով ափսոսանք յայտնած էր, որ թրքական աշխարհի քարտէզին վրայ, որ նուիրած են Էրտողանին, չկայ մեծ կարմիր աստղ թրքական աշխարհի կեդրոնին, որ պատմականօրէն Ռուսաստանիմ մէջ կը գտնուի՝ Ալթայի մէջ:

Յիշեցնենք, որ Էրտողանին վերոյիշեալ քարտէզը նուիրած է Թուրքիոյ ազգային շարժում (ԱՇԿ) ազգայնական կուսակցութեան ղեկավար Տեվլեթ Պահչելին։ 

«Թրքական աշխարհին մէջ», ըստ Պահչելիի, կը մտնեն Ռուսաստանի հարաւի շրջաններուն մէկ մասը, Արեւելեան Սիպերիան, ինչպէս նաեւ Պալքանները, Ատրպէյճանը, Ղազախստանը, Ղրղզստանը, Ուզպեքիստանը, Չինաստանի Սինցզիան-Ույղուրական ինքնավար շրջանը, Մոնկոլիոյ եւ Իրանի տարածքներուն մէկ մասը: