Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պաշտօնական այցով ժամանած է Փեքին։ Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։
Հաղոդուած է, որ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը Չնաստանի մայրաքաղաքը պիտի գտնուի մինչեւ ապրիլ 9-ը եւ պիտի հանդիպի Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Իի հետ։
Նախատեսուած է, որ նախարարները պիտի քննարկեն երկկողմ համագործակցութեան, փոխգործակցութեան ու ՄԱԿ-ի, ՊՐԻՔՍ-ի, ՇՀԿ-ի ու «Մեծ քսանեակ»ի մէջ աշխատանքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակը, այդ շարքին՝ ուքրանական ճգնաժամն ու Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը։