Լիբանանցի հանարճանաչ դերասանուհին Նատին Նըժէյմ իր հայազգի նշանածին հետ առնուած լուսանկարները հրապարակած է։
Ինսթակրամի իր էջին երեւացած լուսանակարներուն կողքին դերասանուհին մասնաւորապէս գրած է ՝«Սիրտս զիս դէպի մալտիւեան կղզիներ առաջնորդեց, եւ իրօք ես դրախտի մէջ եմ հիմա...»։
Կը նշուի նաեւ, որ հեռու մնալու համար քննադատութիւններէ Նըժէյմ փակած է Ինսթակրամի իր էջի մեկնաբանութեանց բաժինը։
Յիշեցնենք, որ յայտնի դերասանուհին ամուսնալուծուած էր, եւ անոր նշանածը մեր հալէպահայ հայրենակից ՝Նարեկ Նարպէքեանն է։