image

Կը շարունակեն Եմէնը հարուածի տակ պահել

Կը շարունակեն Եմէնը հարուածի տակ պահել

Սէուտական դաշինքը շարք մը յարձակումներով թիրախաւորած է Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի շրջակայքը: Մէկ յարձակումը հարուածած է քաղաքին ծայրամասը գտնուող Ժապալ Հարուրայի հաղորդակցութեան ցանցը եւ ոչնչացուցած է Զամար նահանգի Հատա շրջանին մէջ գտնուող հաղորդակցութեան ցանցը: 

Այս արշաւանքները տեղի կ'ունենան այն ժամանակ, երբ սէուտա-էմիրաթական դաշինքի ջարդերուն ի պատասխան՝ «Եմէնի փոթորիկ» երկրորդ գործողութեան անուամբ ռազմավարական արձագանգները տակաւին իրենց ազդեցութեան մէջ են:

Երկրորդ «Եմէնի փոթորիկ» գործողութեան ծիրին մէջ Եմէնի զինուած ուժերը թիրախաւորած են ԱՄԷ-ն եւ Սէուտական Արաբիան` ի պատասխան վերջին օրերուն դաշինքի յարձակումներու սրման, որոնք տասնեակ նահատակներ եւ վիրաւորներ խլեցին:

Առաջին «Եմէնի փոթորիկ» գործողութիւնը Յունուար 17-ին թիրախաւորած է ԱՄԷ-ի զգայուն վայրերը, մասնաւորապէս նաւթի մթերանոցները Մուսաֆահի «ICAD 3» տարածքին, եւ Ապու Տապիի միջազգային օդակայանի նոր շինութիւնները:

Սա առաջին դէպքը չէ, երբ դաշինքը կը թիրախաւորէ Եմենի հաղորդակցութեան շէնքերը. քանի մը օր առաջ թիրախաւորած է Հատիտայի հաղորդակցութեան շէնքը, ինչի հետեւանքով Եմէնի բոլոր շրջաններուն մէջ 4 օր համացանքի խափանումներ էին:

Զուգահեռաբար, 7 եմէնցի վիրաւորուած եւ նահատակուած են Սէուտական դաշինքի կրակէն Ժաուֆ եւ Սաատա նահանգներուն մէջ, իսկ վերջին 24 ժամուայ ընթացքին շարք մը օդային յարձակումներ կատարած են  3 նահանգներու վրայ: