image

Կութերեշը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին կոչ ըրած է միջամտելու Իսրայէլ-Կազա հակամարտութեան

Կութերեշը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին կոչ ըրած է միջամտելու Իսրայէլ-Կազա հակամարտութեան

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը դիմած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան՝ հազուադէպ կիրառուող 99-րդ յօդուածին եւ խնդրած, որ Անվտանգութեան խորհուրդը միջամտէ՝ Կազայի հատուածին մէջ վերահաս «մարդասիրական աղէտը» կանխելու համար։

Իսրայէլը Կութերեշի այս յայտարարութիւնը համարած է կողմնակալ վերաբերմունք։ 

15 անդամներէ բաղկացած Անվտանգութեան խորհուրդին ուղղուած իր նամակին մէջ Կութերեշը գրած է․ «Միջազգային հանրութիւնը պատասխանատւութիւն ունի՝ օգտագործել իր ողջ ազդեցութիւնը՝ կանխելու հետագայ մագլցումը եւ վերջ դնելու այս ճգնաժամին»։

Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները որոշման նախագիծ մշակած է, որով կը նախատեսուի գործողութիւններու դիմել՝ համապատասխան Կութերեշի նամակի, մասնաւորապէս՝ անմիջապէս մարդասիրական հրադադար հաստատել։ Սակայն Միացեալ Նահանգները, որ Իսրայէլի մտերիմ դաշնակիցն է, Անվտանգութեան խորհուրդի մէջ վէթոյի իրաւունք ունի եւ չաջակցիր հրադադարին։

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտանը յայտարարած է, որ գլխաւոր քարտուղարը դիմած է 99-րդ յօդուածին, որ ճնշում գործադրէ Իսրայէլի վրայ։ Էրտանը Կութերեշը մեղադրած է Իսրայէլի դէմ կողմնակալութեան համար։

«Հրադադար հաստատելու՝ գլխաւոր քարտուղարի կոչն իրականութեան մէջ կոչ է՝ Կազայի մէջ պահելու ՀԱՄԱՍ-ի ահաբեկման իշխանութիւնը», -յայտարարած է Էրտանը։