Փետրուար 4-ին, ժամը 10։22-ին Արագածոտնի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Կոշ գիւղի մօտակայքը տեղի է ունեցածծ Ճանապարհային պատահար։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ ՆԳՆ Փրկարար ծառայութենէն:
Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳՆ Փրկարար ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։
shamshyan.com-ի հաղորդմամբ Կոշ գիւղի վարչական տարածքին մէջ բախած են Ford քարշակը, Ford մակնիշի մեքենան եւ թրքական համարանիշներով Mercedes Travego մակնիշի ուղեւորատար մեքենայ։ Վթարի հետեւանքով 1 հոգի մահացած է, 4 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Աշտարակ» բժշկական կեդրոն։
Վթարի փաստով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։