image

Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած համերգ՝ Լոս Անճըլըսի մէջ.Օրուան պատգամը փոխանցած է՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան (Լուսանկարներ)

  Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած համերգ՝ Լոս Անճըլըսի մէջ.Օրուան պատգամը փոխանցած է՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան (Լուսանկարներ)

 

 Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած համերգ՝ Լոս Անճըլըսի մէջ.Օրուան պատգամը փոխանցած է՝ Գերշ. Տ. Թոր Իւրայատուկ համերգ մը մեծ յաջողութեամբ պսակուած է Լոս Անճըլսըի մէջ։ Կլենտըլի մէջ կայացած համերգը նուիրուած եղած է անմահանուն Կոմիտաս վարդապետ կրելով ՝«Կոմիտասեան ղօղանջներ» ընդհանուր խորագիրը։

 Կը նշուի նաեւ, որ սոյն համերգին գաղափարը կը պատկանի թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին, որ այս առփիւ ալ հանդէս եկած է յաւուր պատշաճի պատգամով մը։

 Ներքոգրեալ  «Արեւելք»ի  ընթերցողաց  կը ներկայացնենք ձեռնարկին մասին մանրամասն տեղեկատւութիւնը, որ  քաղած ենք Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2023, երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, հովանաւորութեամբ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական աննախընթաց համերգ՝ նուիրուած անմահանուն երաժիշտ եւ խմբավար Կոմիտաս Վարդապետի եւ անոր արուեստին ընդմէջէն՝ հայ նահատակ ցեղի բոլոր զոհերու յիշատակին: Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը ոգեկոչող «Կոմիտասեան ղօղանջներ» անունը կրող համերգին ընթացքին գերազանցապէս հնչեցին կոմիտասեան երգեր, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արթիսթ՝ թենոր Պերճ Քիրազեանի, մասնակցութեամբ գաղութէն ընտրուած մասնագէտ երգիչներու, խմբավարութեամբ Միքայէլ Աւետիսեանի, դաշնամուրային փոխնիփոխ նուագակցութեամբ Արմինէ Տէրտէրեանի եւ Հռիփսիմէ Ռշտունիի: Երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նորաստեղծ «Նայիրեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար Լուսինէ Մելիքսէթեանի: 

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող համերգին բացումը կատարեց եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան՝ դիտել տալով, որ «Կոմիտասեան ղօղանջներ» ծրագիրը մտայղացումն է Առաջնորդ Սրբազան Հօր, համախոհաբար երեկոյթի գեղարուեստական բծախնդիր ղեկավար ու արուեստագէտ Պերճ Քիրազեանի: 

Ծաղկաւէտ, կիսալոյս դասէն մատուցուեցաւ կոմիտասեան «Տըլէ եաման»ը, տուտուկի հնչիւններուն տակ Էմմանուէլ Յովհաննիսեանի. եկեղեցին լեցուցած շուրջ հազար ներկաներու սրտերը նախ թփրտացին մեղեդիական կշռոյթով, որ հետզհետէ վերածուեցաւ ամբողջական համանուագի, երբ երաժշտագէտ մեներգիչներ՝ Արմինէ Վարդանեան, Պերճ Քիրազեան, Վիքթորիա Զաքարեան, Վահագն Հովենց եւ Քրիսթինա Տաւլաթեան յաջորդաբար կատարեցին Մեծն մշակողին «Օրօր», «Անտունի», «Գարուն ա», «Կռունկ», «Ծիրանի ծառ», երգերը, ապա կազմելով երգչախումբ՝ քառաձայն «Գարուն»ով կարծես բախեցին վերին աշխարհի դռները, առ ի խնդակցութիւն երկնքի ու երկրի բոլոր գոյներն ու բոյրերը, բոլոր յոյզերն ու յոյսերը, այլեւ գեղեցիկին ու բարիի՛ն հմայքը մարմնաւորած այն եթերային Հոգիին, որ երկրի վրայ անցաւ մարդկային ամէնէն քստմնելի ու անողոք ճակատագրով՝ 24 Ապրիլ 1915-էն մինչեւ իր վերջնական հանգումը, Ֆրանսայի հոգեբուժարաններէն մէկուն մէջ 1935-ին, բայց իր ազգին կտակեց շքեղութեանց ամէնէն փայլունը, ամենապատրողն ու առինքնողը, ամէնէն վսեմն ու կախարդականը, որ համերգի երկրորդ մասի «Խորհուրդ խորին» տուտուկեան նուագի ներքոյ՝ կարծես յանկարծ կամացուկ մը հրեց եկեղեցւոյ միջանկեալ դուռը, ուրկէ հայ կուսանաց խորհրդաւոր քայլերով ներս մտաւ Համազգայինի «Նայիրեան» խումբը, պարմանուհիներ գեղադէմ ու ոգեշնչող, մոմեր ի ձեռին, կոմիտասեան «Հայր մեր»ը իրենց շուրթին: Ու դասը ոգեղէն հագուստ հագաւ, երբ դեռատի հայ աղջիկները շարուեցան՝ կոմիտասաբար ղօղանջելու: Զգլխիչ պահ, որուն ընթացքին նոյնքան հոգեթով թեւածեց շունչը Կոմիտաս Վարդապետի՝ «Սուրբ սուրբ», «Քրիստոս ի մէջ», «Ալագեազ», «Սեւ ա չոպանի շունը», «Սոնա եար», «Մոկաց հարսներ» «Թագւորի մեր դուրս արի» հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու վարպետ շաղախումով, խմբավարութեամբ Լուսինէ Մելիքսէթեանի: 

... Ու Կոմիտաս Վարդապետի էութիւնը ծփաց իրեն հարազատ Աստուծոյ Տան մէջ: Հոգեւորին ծառայող սուրբ ու սրբացնող մրմունջ ու աղօթք, ժողովրդային տօնախմբութիւն, պանդխտական յոյզեր, կարօտախինդ հարսեր ու մարդկային սիրոյ թրթռուն ապրումներ՝ կոմիտասեան երգչախմբային թաթաւուն արուեստի ակունքներէն բխած, գծեցին շրջանակը հայ հոգիին, հայկական բնաշխարհին ու մեր նախահայրերու նկարագրային առանձնայատկութիւններուն եւ ապրելակերպին, վերակենդանացնելով անոնք, որոնք չկան մեր ձեռքին այսօր. Արեւմտահայաստանի բնաշխարհն ու հայկական ներկայութիւնը, բայց կայ ոգի՛ն բոլոր տեսակի ցեղասպանութիւններէն վեր ապրող արարչագործ Հայ Կոմիտասի՛ն, Գլխագիր Հայ մարդո՛ւն: Այսպէս, բազմակողմանի ու բազմերանգ, ամբողջական Կոմիտաս մը՝ Մեծամեծին ամբողջին մէջ: Ներկաներէն շատեր նոյնիսկ կարծեցին տեսնել Վարդապետը մեծ եկեղեցւոյ պաստառներուն ու խոր անկիւններուն մէջ՝ երջանիկ ու կարօտաբաղձ, իր յօրինումներէն աւելի քան երեք տասնեակ երգերու բարձրորակ ու ճշմարիտ կատարմա՛մբ արբշիռ, փարթամօրէն նուիրական ու արժանաւորապէս գնահատուած: 

Յետոյ եկան կատակ երգերը՝ «Ալ այլուղս» եւ «Հաբըրբան», որոնց ընդմէջէն երեկոյի ղեկավար Քիրազեան նախ Քրիսթինայի, ապա Վիքթորիայի հետ զուլալօրէն «խաղաց» կոմիտասեան «թեթեւոտն» խազերը, ապա, դարձեալ հնչեց տուտուկը՝ իրարու ետեւէ նուագելով «Երկինքն ամպել ա» եւ «Շողեր ջան»ը, որմէ ետք Վարդանեան մեկնաբանեց ժողովրդային «Քելէ, քելէ»ն ու Խնկիծառ»ը, իսկ Քիրազեան փառայեղօրէն պանծացուց հայոց հայրենիք Հայաստանը՝ «Հայաստան»ո՛վ, բազմահարիւր հայորդիները փոխադրելով Կոմիտասի՛ դրախտավայր երկիրը, որուն ջուրերուն վրայ, հովիտներուն մէջ, լեռներու գագաթին թէ ձորերուն, կարծես ամբողջ հայ ազգը դարձաւ խմբուած երգ ու երաժշտութիւն եւ հայրենական ջինջ երեկոներու ժողովրդային ու ազգային երգեցողութիւն, երբ դասը վերստին լեցուցին մասնագէտ երաժիշտները եւ քառաձայն երգչախումբ դարձած՝ իրարու ետեւէ հնչեցուցին Մեծն խմբավարին հրաշալիքներէն փունջ մը՝ «Էս գիշեր, լուսնակ գիշեր», «Եար ջան արի», «Առնեմ երթամ իմ եարը», «Հոյ նազան իմ եարը», «Շախկըր-շուխկըր», «Իմ չինարի եարը», «Ով մեծասքանչ դու լեզու», «Բամբ որոտան», «Էսօր Ուրբաթ է» «Զար, զընգը», որոնք մատուցուեցան հայրենի սիրատոչոր ամրան կազդուրիչ զեփիւռներու եւ վէտվիտող հովերու հանգոյն՝ ձայնային բազմալար շքերթներով հարստացնելով միտք, հոգի ու մարմին՝ անձնականէն մինչեւ առօրէականը, ազգայինն ու համամարդկայինը. կոմիտասեան բիւրե՜ղ ղօղանջներ, որոնք իրենց երկինքը համբուրեցին Հանճարին արժանի հոգեպաշտումով մը, երբ հնչեղ երգչախումբին միացաւ օրօրուն «Նայիրեան»ը եւ երկուքով միատեղ թնդացուցին իւրօրինակ մշակումի ենթարկուած զենիթային «Տըլէ եաման» մը, որ ձայնային գունագեղութեան, կշռոյթի, պատկերի, մեկնաբանութեան, խմբավարութեան եւ նուագակցութեան անկրկնելի հրավառութիւն մը ստեղծեց ե՛ւ դասին մէջ, ե՛ւ եկեղեցւոյ տարածքին, նահատակ ցեղի բոլոր զոհերուն յիշատակը պարուրելով անմահութեան ոգեղէն խորհուրդով: 

Կոմիտաս Վարդապետ այսպէ՛ս ղօղանջեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ ու բոլոր հոգիներուն մէջ համերգին ներկայ հայորդիներու, որոնք որոտընդոստ ծափերով ու բաւարարութեան ամենաքա՜ղցր զգացումով անգամ մը եւս իրենց սրտերուն մէջ փայփայեցին Մեծ հոգեզմայլին անմեռ յիշատակը: Այնուհետեւ, դասէն լսուեցան բոլոր-բոլորին ուղղուած երախտիքի ու շնորհակալական ջերմ բառերը համերգի գեղարուեստական ղեկավար Քիրազեանի, ապա վերջինիս հրաւէրով դաս բարձրացաւ կոմիտասեան ոգեղէնութիւնը պահու մը մէջ յաւերժացնող ծրագիրի կերտիչ՝ Առաջնորդ Սրբազանը, որուն իւրաքանչիւր խօսքն ու գնահատականը երջանկութեան զգացումով ու հայկական հպարտութեան երանգով առլցուն էին, Կոմիտաս Վարդապետի արուեստով գինովցած հայ սերունդներու յարգանքի խտացում ու համայնական սիրոյ մարգարիտներ էին, այլեւ առաջնորդական հրաւէր էին՝ Կոմիտաս Վարդապետն ու անոր արուեստը նոյն ուժգնութեամբ նաեւ մեր ներկայի՛ն մէջ ապրեցնելու: 

Պատի՜ւս արժանաւորաց. Թորգոմ Եպիսկոպոսի մեղրածորան խօսքերը դասին մէջ խմբուած բոլոր արուեստագէտներն ու պարմանի երգիչները նոր ծափերու արժանացուցին եւ դրուատանքի արտայայտութիւններ շռայլեցին՝ ուղղուած Ազգ. Առաջնորդարանի հոգեւոր ու աշխարհիկ մարմիններուն եւ անձնակազմին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընտանիքին ու կազմակերպիչներուն, գեղարուեստական ղեկավարին, մասնագէտ երգիչներուն, «Նայիրեան» երգչախումբին, խմբավարներուն ու նուագակցողներուն, երեկոյթի հովանաւոր հիմնադրամին ու բարերարներուն: 

Ներկաներուն ուղղած իր վճիտ բառերով՝ Առաջնորդ Սրբազանը վերահաստատեց հայութեան համայնական յանձնառութիւնը հայրենական, արցախական, ազգային, եկեղեցական ու մշակութային ոգեղէն արժէքներուն նկատմամբ՝ զայս սեպելով ե՛ւ պարտք, ե՛ւ իրաւունք՝ դիտել տալով, որ սոյն արժէքներն են, որ մեզ կը դարձնեն ամբողջական հայ-քրիստոնեայ մարդ, ապա հեղ մը եւս ակնարկելով համերգի բացառիկ արժէքին, ան շեշտեց, որ միայն հայ ազգը ունի Կոմիտաս Վարդապետ, եւ միայն հա՛յ-քրիստոնեայ մարդն է, որ կրնայ ա՛յս ձեւով հասկնալ, ըմբռնել եւ մեկնաբանել կոմիտասեան ղօղանջները, որոնք մեր ազգային ինքնութիւնը միշտ արթուն պահող եւ զայն նոր ժամանակներու թաւալքին հետ դէպի յաւերժութիւն առաջնորդող անլռելի զանգեր են եւ հայկեան ցեղի արեան սրբազան ղօղանջնե՜ր: