image
Հրատապ լուրեր:

«Փրկեցէ’ք Մայքը». 2021 թուականին առեւանգուած Մայք Զարեհ Մերտխանեանի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ

«Փրկեցէ’ք Մայքը». 2021 թուականին առեւանգուած Մայք Զարեհ Մերտխանեանի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ

Մայք Զարեհ Մերտխանեանի ընտանիքը մարդասիրական կոչով մը հանդէս գալով  աղերսած է փրկել հայ երիտասարդը «Քասատ» շարժումի բանտերէն։ 

Մայքը ձերբակալուած է 4  տարի առաջ՝ Գամիշլիի մէջ։ 

Այս ողբերգութեան սկիզբը  2021 թուականի 19 Յուլիսի առաւօտն էր, երբ երկու մանուկներու հայրը եւ մեքենաներու վերանորոգող արհեստաւոր Մայքը , դուրս եկած է իր բնակարանէն  եւ  չէ վերադարձած։ 

Մերտխանեանի կինը, որ այդ օրուընէ ի վեր չէ կարողացած հաղորդակցիլ ամուսնոյն հետ, իր խոր ցաւը արտայայտած է ցնցիչ նամակով. «Ես, անոր մայրը եւ երկու մանուկները կը գոռանք մեր վիրաւոր ձայնով՝ փրկեցէ՛ք մեզ։ Մենք կը գոռանք, գուցէ ոեւէ մէկը լսէ մեր ճիչերը եւ մեզի յոյս տայ, գուցէ լոյս մը վառէ ու  ճանապարհ մը ցոյց տայ  տեսնելու համար ամուսնոյս եւ զաւակներուս հօր աչքերը»։

Ըստ որոշ անցորդներու վկայութիւններու, որոնց վրայ կը հիմնուի ընտանիքը,  Մայքի անհետացումը պարզ կապի խզում մը չէր, այլ բացայայտ առեւանգում, որ կատարուած էր «Քասատ»-ի զինեալներու կողմէ։ Այդ պահէն ի վեր չկան տեղեկութիւններ 38-ամեայ Մայք Զարեհ Մերտախեանի մասին, որ կը սերի Գամիշլիի մէջ ճանչցուած հայ քրիստոնէական ընտանիքէ մը։

Ընտանիքը, որ կը շարունակէ ապրել խորունկ տագնապի եւ յուսահատութեան մէջ, կը դիմէ իրաւապաշտպան, մարդասիրական եւ միջազգային կառոյցներուն՝ անմիջական միջամտութիւն պահանջելով եւ ճնշում գործադրելով «Քասատ»-ի վրայ՝ բացայայտելու Մայքի ճակատագիրը եւ ազատ արձակելու զինք, որպէսզի վերադառնայ իր երկու մանուկներուն եւ ընտանիքին գիրկը։

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը