image

Կեանքը դժուար չէ՛, մարդի՜կ են…

Կեանքը դժուար չէ՛, մարդի՜կ են…

Բազում անգամներ հարցուցած ենք, թէ ի՞նչ է կամ ո՞րն է դժուարը, ի՞նչ է կեանքը։

Կեանքը յաճախ կ՚ընթանայ մեր կամքին համաձայն։ Յամենայնդէպս, կեանքի սահմանումը համաձայնեցուած չէ եւ չունի յստակ բացատրութիւն։ Կեանքը նկարագրելը կը նմանի առարկայի մը անուանման, որու գործառոյթը չենք գիտեր: Մենք կեանքը կը փորձենք իմաստաւորել, բայց յստակ չենք գիտեր, թէ ան ի՛նչ է: Այնուամենայնիւ, մենք կը բաւարարուինք համեմատութիւններով։ Կեանքի հետ կապուած բոլոր սահմանումները եւ արտայայտութիւնները բաղդատութիւններ կամ համեմատութիւններ են:

Կեանքի իմաստին մասին մտորումներուն շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն մը գոյութիւն չունի։ Այս բոլորը ըսելու նպատակն է՝ արտայայտել կեանքի որեւէ նիւթ քննարկելու ծիծաղելիութիւնը, երբ յայտնի չէ, թէ ան ի՛նչ է։ Այս պարագային կեանքի դժուարութիւնը հարցական կը թուի ըլլալ։

Ինչո՞ւ կեանքը դժուար է: Ինչո՞ւ դաժան է ան։ Այս բոլորը «զուարճալի» հարցումներ են անոնց համար, որոնք չեն գիտեր, թէ ինչ է կեանքը: Կեանքը դժուար չէ, բայց դիւրին ալ չէ։ Մենք ենք դժուարացնողը: Այսինքն եթէ մենք դժուարացնենք կեանքը, այն դժուար կ՚ըլլայ: Մենք կը տեսնենք մեր անհատականութեան արտացոլումը: «Ես»ի ընկալումը այստեղ ունի որոշիչ դեր՝ ընդհանուրէն մինչեւ անհատական՝ որպէս անհատ-ընտանիք-հասարակութիւն-մարդկութիւն։

Կեանքի դաժանութիւնը այլ հետաքրքրութեան խնդիր է։ Եթէ ​​անցորդի մը հարցնէք, ան կեանքի մէջ աւելի շատ տուած է՝ քան առած։ Բոլորը կեանքէն կ՚առնեն։ Եթէ բոլորը պարտատէր են, ո՞վ է պարտապանը։ Եթէ ​​կեանքը դաժան է բոլորի նկատմամբ, ուրկէ՞ կու գայ այս յատկանիշը:

Մարդիկ, անկասկած, դաժան են։ Այլ խօսքով՝ կեանքը եւ համակարգերը, որոնք մարդկութիւնը ստեղծած է իր ի յայտ գալէն ի վեր, կը կազմեն դժուար ու դաժան կեանք: Ի վերջոյ, կան բազում ազատ համակարգեր, որոնք նոյնպէս կը կազմեն մարդկութիւնը. այստեղ կը բնութագրենք առօրեայ կեանքին դառն երեսակը։

Մարդիկ ի սկզբանէ շատ քիչ բնակչութիւն կը կազմէին։ Բնութիւնը դաժան էր, գոյատեւումը յաճախ կախուած էր պատահականութիւններէն: Մարդիկ ցրուեցան աշխարհով մէկ՝ սնունդ փնտռելու, նաեւ կացարանի, ջեռուցման եւ անվտանգութեան կարիքներու պատճառով։ Մենք գացինք արկածախնդրութիւններու, որոնց հնարաւոր չէ հանդուրժել նոյնիսկ այսօրուան պայմաններով՝ միայն սովէն խուսափելու համար: Բայց եւ այնպէս, մենք սա տեսանք բնութենէն։ Մենք նոյնպէս անխիղճ եղանք։ Անհատները, զորս մենք կ՚անուանենք քաղաքակիրթ, ապրելով հասարակութեան մէջ եւ համերաշխ, հրաժարած են այդ յատկանիշէն կամ այդպէս կ՚ըսեն։ Ներկայիս քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կարիք չունի օրինակ՝ եղնիկ որսալու՝ ուտելու համար, ապրիլ՝ սպաննելու մղումով:

Ինչո՞ւ կեանքը դժուար եւ դաժան է։ Ինչո՞ւ այդքան ցաւոտ է։

Մենք ունինք կանոններ, կան երկիրներ, օրէնքներ, պետութիւններ, սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ։ Բայց «գայլի օրէնքը» դեռ կը շարունակէ գործել։ Ահա, այս հանգամանքն է կեանքը դժուարացնողը։ Վստահ եղէք, մինչեւ մեր օրերը կեանքը չէ բնութագրուած որպէս ծանր ու դաժան: Որովհետեւ հին ժամանակներու պայմաններով կեանքը դաժան չէր. դժուարացնող բան չկար, քանի որ «դիւրին կեանք» չկար։ Բայց հիմա ամէն ինչ բոլորովին տարբեր է: Բազում օրէնքներու, կանոններու եւ կանոնակարգերու պայմաններով կեանքը հետզհետէ աւելի ու աւելի դաժան կը դառնայ: Կեանքը հետզհետէ կը դժուարանայ։ Այս դժուարութեան ու տառապանքի գլխաւոր պատճառը արդիականացումն ու զարգացումն է։ Մարդոց միջեւ անդունդը կ՚աւելնայ եւ մեծ մասը կը տուժէ, մինչ այդ փոքր մասը շատ բարենպաստ պայմաններու ներքեւ կ՚ապրի: Աշխարհ անընդհատ կը զարգանայ, բայց բնակչութեան կէսէն աւելին կ՚ապրի աղքատութեան շեմին։ Մենք կ՚երթանք անջրպետ, բայց չենք երթար նոյնիսկ մեր հարազատներուն այցելութեան։ Մենք կ՚առանձնանանք, կը մեկուսանանք մեր ​​բնակարաններու մէջ, երբ հազարաւոր մարդիկ կ՚ապրին քաղաքներու մէջ։ Մենք կը տեսնենք արեգակնային համակարգէն դուրս, բայց չենք կրնար տեսնել պատերազմները, սովը, ջարդերը, որոնք տեղի կ՚ունենան մեր իսկ կողքին:

Կեանքը դժուար ու դաժան չէ. դժուարն ու դաժանը մարդիկ են։ Այնուամենայնիւ, մարդիկ միշտ այդպէս չեն եղած։ Այդպէս դարձան «յառաջադէմ մարդիկ»։ Նախապէս կեանքը անողորմ էր անխտիր։ Մարդկութիւնը միասնաբար հեշտացուց, հաճելի դարձուց կեանքը։ Այս անգամ մարդիկ օտարացան իրենք իրենց։ Անոնք մոռցան, որ անոնք միասնաբար կը գոյատեւեն ու գոյութիւն կ՝ունենան իրենց միջավայրով։ Որպէս մարդկութիւն՝ մենք նախ օտարացանք մենք մեզի, իսկ յետոյ հեռացանք բնութենէն։ Այժմ միլիոնաւոր մարդիկ կը մտածեն, թէ ինչո՞ւ կեանքը անողորմ է։ Կեանքը դաժանացնողը մենք ենք։ Մենք կը շփոթենք, թէ ինչ են «մենք»ը եւ «ես»ը: Մենք բոլորս միասին ենք։ Պէտք է ամէն ինչ ընենք «բոլորի համար»։ Միայն այս կերպով կրնանք բնականոնացնել կեանքը։

 

Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս