image

Կլէյնտըլի մէջ.Մտաւորական Երուանդ Գոչունեանի կորուստը

 Կլէյնտըլի մէջ.Մտաւորական Երուանդ  Գոչունեանի  կորուստը

 Օրերս  Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ամերիկահայ (արմատներով՝ Դամասկոսէն) մտաւորական Երուանդ Գոչունեան։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի մահազդը, որ հրապարակուած է Լոս Անճըլըսի մէջ հրապարակուող «Ասպարէզ» պարբերականին մէջ։

 

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին` Երուանդ Գոչունեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2023ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Հանգուցեալի կեանքը պիտի ոգեկեչուի Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2023ին, կէսօրէն ետք ժամը 5ին, Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave., Glendale։

Սգակիրներ՝

Զաւակը՝ Դատ Գոչունեան

Դուստրը՝ Թարա Գոչունեան

Եղբայրը՝ Գալուստ Գոչունեան

Քոյրը՝ Էլմաստ (Գոչունեան) Միլըր (Սքոթլանտա)

Եղբօր դուստրը՝ Նանոր եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ ընտանիքը

Եղբօր դուստրը՝ Հուրի եւ Զոհրապ Ղազարեան եւ ընտանիքը

Եղբօր դուստրը՝ Յասմիկ եւ Գէորգ Հարպոյեան եւ ընտանիքը

Եղբօր զաւակը՝ Կարօ եւ Քեթի Գոչունեան եւ ընտանիքը

Եղբօր զաւակը՝ Կրեկ եւ Քաթրինա Միլըր եւ ընտանիքը

Եւ համայն Գոչունեան, Միլըր եւ Վարպետեան ընտանիքները, հարազատները, բարեկամներն ու գործընկերները

 

Հարկ է նշել, որ Գոչունեան, որ բարեկամ-գրիչ  յաճախ  օժանդակութիւն ցոյց կու տար Եւրոպայէն  հրապարակուող «Յուշամատեան» կայքին, որ այս առթիւ ալ հրապարակուած է ստորեւ տրուած  մահագրութիւնը։

 

Յուշամատեանի խումբը կը սգայ Երուանդ Գոչունեանի մահը։ Ան առաջին իսկ օրէն փորձած էր իր օժանդակութիւնը բերել մեր աշխատանքներուն։ Տարիներ շարունակ, ամէն անգամ որ նոր յօդուած մը հրատարակէինք, Երուանդ ամենայն բծախնդրութեամբ մեզի կ՚ուղարկէր հայերէն նոր հրատարակութեան մէջ սպրդած քերականական եւ տպագրական սխալներուն սրբագրութիւնը։ Վարժուեր էինք իր նուիրումին, կատարելագործուած հայերէնին եւ բարեհոգութեան։ Մեր խորին ցաւակցութիւնները Երուանդին ընտանիքին եւ բարեկամներուն։