Կիրանցի մէջ իրականացուող ականազերծման աշխատանքներու ժամանակ սակրաւորներէն մէկը ականի պայթումէն վնասուածքներ ստացած է։ Տեղեկութիւնը հաստատած է պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը։
«Ականապայթիւնային վիրաւորում ստացած զինծառայող կայ, նախնական տուեալներով կեանքին վտանգ չի սպառնում»,- յայտնած է Թորոսեանը։
Նախնական տուեալներով` սակրաւորը վնասուածք ստացած է ոտքի շրջանին։