Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Հարաւային ԱՄՆ-ի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրի էջին վրայ կատարած է գրառում մը, ուր կը նշէ Կիրակնօրեայ վարժարանին դերը, հայ պատանիին կեանքին վրայ։
Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս ըսած է՝
«Կիրակնօրեայ մեր վարժարանները հայ մատղաշ սերունդներուն համար ե՛ւ անցեալին, ե՛ւ ներկայի մէջ կը հանդիսանան հոգեւոր դպրանոցներ, ուր հայ զաւակներ ու թոռներ կը ճանչնան զԱստուած, կը ճաշակեն քաղցրութիւնը Յիսուս Քրիստոսի եւ կը սորվին քրիստոնէական լոյս կրօնքին ուսմունքները, որոնք հայ-քրիստոնեայ անհատին մէջ ամբողջական մարդը կերտելու ամենազօրեղ գործիքներ են՝ մարդացեալ Յիսուսի երկրային կեանքի խօսքերով ու գործերով հասած մեզի եւ իբրեւ այդպիսին դեռ երկա՜ր պիտի աւանդուին հետագայ նոր սերունդներու:
Աւելի՛ն. Կիրակնօրեայ մեր վարժարանները նաեւ յիսուսափայլ այն պատուհաններն են, որոնց ընդմէջէն հայ տղաներ ու աղջիկներ կը տեսնեն ու կը սորվին Երկինքը եւ Անոր կը մատչին իրենց կեանքի բոլոր օրերուն՝ բարեպաշտութիւնը ընելով ապրելակերպ ու կեանքի նպատակ»: