image

Կիպրոսի մէջ. Հայազգի պետական ներկայացուցիչն ու Կաթ. Փոխանորդը այցելած են երկրի նախագահին

Կիպրոսի մէջ. Հայազգի պետական ներկայացուցիչն ու Կաթ. Փոխանորդը այցելած են երկրի նախագահին

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը, պատուիրակութեան մը գլխուն այցելութիւն տուած է Կիպրոսի նախագահական նստավայր եւ ընդունուած նախագահին կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Երէկ, առաւօտեան ժամը 10ին, Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, Գերապատիւ Տէր Յովհաննէս Ծայրագոյն Վարդապետ Սաղտըճեանի եւ Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ Վահան Այնէճեանի, Նախագահական Պալատին մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը կատարեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին։ 

Կէս ժամ տեւող հանդիպումի մը ընթացքին արծարծուեցան կիպրահայ համայնքը յուզող տարբեր հարցեր։

Կոմիտաս Արքեպիսկոպոսը, ի միջի այլոց, մանրամասն անդրադարձաւ պատմութեան ընդմէջէն հայ ժողովուրդի ընթացքին եւ Յոյն ժողովուրդին հետ անոր կապուածութեան։ Ան մաղթեց որ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութեան ընթացքին եւ ընդհանրապէս՝ ապագային, կիպրացի ժողովուրդը, Յոյներ, Թուրքեր, Հայեր, Մարոնիթներ եւ Լատիններ բարգավաճին խաղաղութեան պայմաններու տակ։ 

Պատասխանելով, նախագահ Խրիստոտուլիտիս, ի միջի այլոց, յայտնեց «հպարտ ենք Կիպրոսի հայերով», եւ աւելցուց «հայոց պատմութեան ընդմէջէն, հայ ժողովուրդէն՝ պայքարելու դասեր կը քաղենք»։ «Հոս ենք», մատնանշեց Հանրապետութեան նախագահը, «Կիպրոսի մէջ ամրապնդելու եւ պահպանելու Հայոց Պատմութեան շարունակութիւնը, Հայ ժողովուրդի նոր սերունդով» եւ եզրափակեց «անձնապէս նկատած եմ Կիպրահայերու հպարտութիւնը, իրենց ծագումին նկատմամբ»։ 

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։