image

Կիպրոսի ՀՅԴ Կառոյցի նուիրեալներէն՝ Յակոբ Սարեանի կորուստը

  Կիպրոսի ՀՅԴ Կառոյցի նուիրեալներէն՝ Յակոբ Սարեանի կորուստը

Օրերս Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի նուիրեալ անդամներէն, ՀՅԴ կառոյցի անդամ՝ Յակոբ Սարեան։

Հանգուցեալը որդին էր Լեւոն Սարեանին (հանգուցեալ), որ կարեւորագոյն ներդրում ունեցած է Կիպրոսի հայկական համայնքի զարգացման գործին մէջ 1960-ականներէն սկսեալ։

Նշենք նաեւ, որ Յակոբ Սարեան, որ եղած էր անդամ Կիպրոսի երիտասրդական միաւորին երկար տարիներէ ի վեր անհանգստութեան պատճառով քաշուած էր միութենական կեանքէ եւ կը բոլորէն բուժման շրջան մը։ 

 

 Ընկերասէր, զուարթախոհ եւ  շրջապատին մէջ սիրուած Յակոբ Սարեան գաղափարական կուռ հաւատքի տէր միութենական էր, որ մինչեւ իր կեանքի վերջին պահը անշեղ մնաց իր դաւանած գաղափարներուն եւ ընտանեկան օճախէն ներս ստացած դաստիարակութեան։

 Սարեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ ներկայութեամբ՝ գաղութի կուսակցական, միութենական, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ անշուշտ ընտանեկան պարագաներու եւ բարեկամներու պատկառելի մասնակցութեամբ։

 

 Ի դէպ Յակոբ Սարեանի կորուստին մասին հակիրճ տողեր ստորագրած է Կիպրոսի ՀՅԴ պատասխանատուներէն՝ Յակոբ Մանուկեան, որ եղած է հանգուցեալի միութենական ընկերը։

 

Անողոք հիւանդութեան դէմ 26 տարի պայքարելէ ետք, այսօր մեզմէ բաժնուեցաւ մեր սիրելի ընկերը՝ ՀՅԴ մեծ ընտանիքի անդամ՝ Յակոբ Սարեանը։ Ափսոս, հազար ափսոս։ 

Անսպասելի հիւանդութեան պատճառով՝ իր կուսակցական եւ ազգային կեանքը կիսատ թողեց դեռ երիտասարդ տարիքին, երբ դեռ "կեանքը առջեւում էր", երբ դեռ կիպրահայը զինուիլ պէտք է սորվեր, երբ դեռ հայկական հարցը պէտք էր ներկայացնէր Եւրապական հարթակներուն վրայ։ Իր ժամանակակից շատ մը երիտասարդներէն կը տարբերուէր իր նուիրուածութեամբ, գաղափարի հաւատքով բայց նաեւ լայնախոհութեամբ եւ համարձակութեամբ։ Այս 26 տարիներու ընթացքին ան այնչափ մեծ օգուտ կրնար բերել հայ ազգին եւ Հայ Դատին, բայց անտէր սայլակը իրեն այդքա՜ն տանջեց։

Ափսոս աշխարհը անարդար է։ Հիմա հանգիստ կրնաս ննջել ընկեր Յակոբ։

  Յուղարկաւորութեան լուսանկարները ՝ Սիմոն Այնէճեանի  ոսպնեակով։