Թուրքիան կոշտ քննադատած է Կիպրոսի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը, որ կղզիին մէջ տեղի ունեցած վերջին անկարգութիւններու ու ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու վրայ յարձակման համար մեղադրած էր թրքական հատուածի անջատողականները։
«Յայտարարութիւնը ամբողջովին կտրուած է իրականութենէն, եւ դրական ներդրում ունենալու փոխարէն աւելի կը բարդացնէ գործընթացը», - պնդած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Առճակատումը տեղի ունեցած էր անցեալ շաբաթավերջին կղզին բաժնող պուֆերային (արգելակ հանդիսացող) գօտիին մէջ,, երբ խաղաղապահները փորձած էին խոչընդոտել նոր ճանապարհի կառուցումը թրքական կողմէ։
Միջադէպի հետեւանքով տուժած էր միջազգային առաքելութեան չորս զինուորական։ ՄԱԿ զգուշացուցած էր, որ «խաղաղապահներու վրայ յարձակումը կրնայ դիտարկուիլ որպէս յանցագործութիւն՝ միջազգային իրաւունքի համաձայն»։