image

Կիպրոսի Համազգայինի անդրանիկ ներկայացուցչական ժողովը

Կիպրոսի Համազգայինի անդրանիկ ներկայացուցչական ժողովը

Օրերս Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցած է Համազգայինի ներկայացուցչական անդրանիկ ժողովը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Կիպրոսի Համազգայինի դիմատետրեան էջէն։

 Մեր  սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յղենք հայագաղութին մէջ ոգի եւ մշակութային շունչ բերող այս մարմնին եւ ստորեւ կը ներկայացնենք  հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։ 

 

Համազգայինի Կիպրոսի Կազմի Ա․ Ներկայացուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Յունուար 2025-ին, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ․ Յասմիկ Շահինեանի։

 

Պաշտօնական բացման նիստին ներկայ գտնուեցան եւ ողջոյնի խօսքերով յաջողութիւն մաղթեցին Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսկան Փոխանորդ Տ․ Կոմիտաս Արք․ Օհանեան, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Լիմասոլի եւ Պաֆոսի Հոգեւոր Հովիւ Տ․ Յովհաննէս Ծ․ Վրդ․ Սաղտըճեան, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի Վարչութեան ատենապետ ընկ․Սարհատ Տեմիրճեանը եւ ՀՕՄ-ի Կիպրոսի Վարչութեան ատենապետ ընկհ․Շուշիկ Պագալեանը։

 

Ապա, Նիկոսիոյ «Յակոբ Օշական» եւ Լիմասոլի նորակազմ «Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղերու եւ Պարի Միաւորի ներկայացուցիչները օրակարգի հարցերը քննարկեցին եւ որոշումներ առին Կիպրոսի մէջ Համազգայինի գործունէութեան բարելաւման ու ընդարձակման վերաբերեալ, կեդրոնանալով հայկական պարարուեստի, թատրոնի եւ գեղարուեստի այլ ոլորտներու դասընթացքներու եւ ձեռնարկներու միջոցներով երիտասարդութեան ձեռք երկարելու հրամայականին վրայ։

 

Վերջաւորութեան ընտրուեցաւ հնգանդամ Մեկուսի Վարչութիւն, բաղկացած Արթօ Դաւիթեանէ (ատենապետ), Վարդենի Կոստանեանէ (ատենադպիր), Կարպիս Ֆերահեանէ(գանձապահ), Նայիրի Մուրատեանէ  եւ Սիմոն Այնէճեանէ։