ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հրաւէրով Հայաստան կը գտնուի Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անիթա Տիմիթրիուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
ՀՀ Ազգային ժողովի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու պալատի միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի անդամներ Յասմիկ Յակոբեանի եւ Հռիփսիմէ Յունանեանի ուղեկցութեամբ բարձրաստիճան հիւրերը մայիս 20-ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Այս մասին յայտնած են Ազգային ժողովէն:
Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ դրած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ, լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած Սուրբ նահատակներու յիշատակը:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն ներս անոնք ծանօթացած են Եղեռնի մասին հաւաստող փաստաթուղթերուն: Անիթա Տիմիթրիուն գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ: