image

«Խորոտիկ Մայրո» Պոլսահայութեան նոր յոյսը՝ պատանիներն են (Տեսանիւթ)

 «Խորոտիկ  Մայրո» Պոլսահայութեան նոր յոյսը՝ պատանիներն են (Տեսանիւթ)

Պոլսահայութեան շունչը, այդ համայնքի իրական ոգին նորահաս սերունդներն են։ 

 

 Անոնք, որ հայեցի կրթութիւն կը ստանան, հայկական ոգիով կը մեծնան, հայերէն աղօթքով հասակ կ՚առնեն եւ ի վերջոյ հայերէն երգով ալ հաւատք եւ յոյս կը ներշնչեն։

 

 Այս առումով ալ հայապահպանութեան կարեւոր առաքելութիւն կ՚իրականացնէ Պոլսոյ Գնալը կղզիի ամառային կազդուրման կայանը, ուր հարիւրաւոր պատանիներ ի մի գալով, միասնաբար, գլուխ գլխի իրենց գեղեցիկ առօրեայի թելերը կը մանեն։

 

 Ուշագրաւ է նաեւ, որ Պոլսոյ հողին վրայ եղած ապրումը եւ տակաւին առկայ յոյսը բռնազբօսիկ չէ։ Ամէնօրեայ արեւուն հետ, ջուրին հետ, հողին վրայ հայօրէն ապրելու եւ արարելու կամքը կը բխի այդ հողի ընթերքէն։

 

 Մեր դարաւոր երթի, մեր պատմութեան, մեր անցեալի շունչով լեցուն ու նաեւ աւելի պայծառ օրերու , բեղուն օրերու մեծ ակնկալիքով։

 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Գնալը կղզիէն առնուած այս տեսանիւթը առնուած է օրերս, երբ հարիւրաւոր պատանիներ փութացած են կղզի եւ մեծ ապրումով ալ միացած իր դռները վերստին բացած «Կազդուրման կայան»ին։