image
Հրատապ լուրեր:

Խռովութիւններ Սուտանի մէջ. Ի՞նչ է տեղի ունեցածը

Խռովութիւններ Սուտանի մէջ. Ի՞նչ է տեղի ունեցածը

Սուտանի Տեղեկատուութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «այն ինչ տեղի ունեցաւ Սուտանի մէջ, լիարժէք ռազմական յեղաշրջում է», կոչ ընելով ժողովուրդին՝ «խափանելու ռազմական գործողութիւններուն ճանապարհը մինչեւ յեղաշրջման փորձի տապալումը» եւ պահանջեց ազատ արձակել ձերբակալուածները:

Նախարարութիւնը մատնանշեց անցումային ինքնիշխան խորհուրդի քաղաքացիական անդամներու եւ անցումային կառավարութեան շարք մը նախարարներու ձերբակալութիւնը, եւ յայտարարեց, որ միացեալ ռազմական ուժերը Սուտանի վարչապետ Ապտալլա Համտոքը կ'արգելափակեն իր տան մէջ եւ ճնշում կը բանեցնեն անոր վրայ, որպէսզի «յեղաշրջման» աջակցող յայտարարութիւն տարածէ:

Սուտանի Տեղեկատուութեան նախարարութիւնը մեջբերած է վարչապետ Համտոքի ՝ տնային կալանքի վայրէն ուղարկուած հաղորդագրութիւնը, խնդրելով սուտանցիներէն կառչած մնալ խաղաղութեան: Նախարարութիւնը նաեւ յստակացուցած է, որ «Համտոք խնդրած է սուտանցիներէն գրաւել փողոցները՝ պաշտպանելու իրենց յեղափոխութիւնը»։

Համտոքի խօսքերէն ետք, Տեղեկատուութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ «բանակային ուժեր ձերբակալած են վարչապետը եւ զայն տարած անյայտ վայր մը»։

Սուտանի լրատուամիջոցները յայտարարեցին նաեւ, որ «Սուտանի բանակի հրամանատարները հրատապ հանդիպում ձեռնարկած են՝ ընթացիկ զարգացումները քննարկելու համար», շեշտելով, որ «քաղաքական կուսակցութիւններու առաջին կարգի առաջնորդներուն մեծ մասը ձերբակալուած է»:

Ռոյթըրզ-ը ականատեսնեու վկայութեամբ կը մէջբերէ, որ Սուտանի բանակը կը սահմանափակէ խաղաղ բնակիչներու տեղաշարժը մայրաքաղաք Խարթումի մէջ: