image

Ռուսիան չէ դաւաճանած Սուրիոյ, այնտեղ տեղի ունեցածը երկրի ներքին գործն էր․ Լաւրով

Ռուսիան չէ դաւաճանած Սուրիոյ, այնտեղ տեղի ունեցածը երկրի ներքին գործն էր․ Լաւրով

Ռուսիան Սուրիոյ մէջ ոչ մէկուն դաւաճանած է. այնտեղ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները Սուրիոյ ներքին գործն էր։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Իրանի պետական ​​հեռուստատեսութեան եւ ռատիոհեռարձակման ընկերութեան տուած հարցազրոյցին, որ հրապարակուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ։

Անոր խօսքով՝ Մոսկուան ներկայիս հարթ, կայուն յարաբերութիւններ ունի Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու հետ։

«Թող անոնք օրինակ բերեն, թէ երբ կը կարծեն, որ Ռուսիան «լքեր» է որեւէ մէկը»,- ընդգծած է Լաւրովը՝ մեկնաբանելով պնդումներն այն մասին, թէ Մոսկուան թիկունք դարձուցած է իր գործընկերներուն։

«Մենք սերտ յարաբերութիւններ ունէինք Պաշշար Ասատի հետ։ Մենք օգնութեան հասանք անոր կառավարութեան 2015 թուականին, երբ Դամասկոսը գործնականօրէն շրջապատուած էր եւ կրնար իյնալ ընդդիմութեան յարձակումներու տակ։ Մենք այնտեղ ռազմական ներկայութիւն հաստատեցինք՝ ռազմաօդային եւ ռազմածովային կայան։ Մենք աշխուժօրէն աշխատեր ենք ահաբեկչական օճախներու ոչնչացման ուղղութեամբ։

Մենք համագործակցեր ենք միջազգային հանրութեան այլ երկիրներու, առաջին հերթին՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ։ Գործընթացը բաւականին դրական էր»,- նշած է Լաւրովը։

Անոր խօսքով՝ երբ մէկ տարի առաջ սկսան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, Ռուսիան այնտեղ մարտական ​​ստորաբաժանումներ չունէր։

«Մենք ունէինք երկու ռազմակայան՝ ռազմաօդային եւ ռազմածովային։ Ընդդիմութեան կողմէ տարածքներ գրաւելու արագութիւնը անսպասելի էր։ Գործնականօրէ դիմադրութիւն չկար»,-ըսած է Լաւրովը՝ աւելցնելով, որ իր երկիրն այժմ կապի մէջ է Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու հետ։

«Այս բոլոր շփումներու ընթացքին մենք կ՚ընդգծենք սուրիական պետութեան միասնութեան պահպանման հիմնարար կարեւորութիւնը։ Սա կը պահանջէ ազգային երկխօսութիւն, որ կը ներառէ ալաուիները, սունիները, տուրզիները՝ բոլոր ազգային-կրօնական խումբերը»,- ընդգծած է նախարարը։