Հայաստանցիներ որոնք կու գան համալրելու Արեւմուտքի հայկական համայնքներու զանգուածները որոշ չափով կը սատարեն քաղաքական շարժումներուն: Իսկ Ռուսաստան բնակող կամ հաստատուած հայերու մօտ հազիւ նշմարելի է քաղաքական ինքնագիտակցութիւնը – չըսելու համար որ գոյութիւն չունի ան: Մինչդեռ Հայաստանի կառավարութեան համար համեմատաբար աւելի հեշտ պիտի ըլլար քաղաքականացնել հայ զանգուածները Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ քան Արեւմուտքի. սակայն, ցարդ չէ կատարուած այդ աշխատանքը եւ կը կրենք անոր հետեւանքները:
Բոլոր երկիրներն ալ իբրեւ երկարաձգում իրենց արտաքին քաղաքականութեան կ'ապաւինին lobbying-ի գործօնին: Օրինակ Թուրքիա, երկար տարիներ հսկայ գումարներ յատկացնելով յաջողեցաւ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ արգելք հանդիսանալ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման: Ատրպէյճան իր հերթին արագօրէն սորվեցաւ այդ գործօնին օգտագործումը, կիրարկելով իր խաւիարի քաղաքականութիւնը, Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ մի քանի ներկայացուցիչներ արտաքսումի ենթարկելով, որովհետեւ չէին դիմացած Ատրպէյճանի կառավարութեան առաջարկած կաշառքներուն: Կարգ մը երկիրներու մէջ օրինաւոր lobbying-ի եւ կաշառքի սահմանագիծը այնքան բարակ է, որ դժուար չէ հատել օրէնքի կարմիր գիծը եւ անձնատուր ըլլալ ապօրինութեան:
Ատրպէյճանի lobby-ն շատ աւելի բանուկ եւ արդիւնաւէտ է մանաւանդ Մոսկուայի մէջ, ուր ի մի կու գան ատրպէյճանական եւ ռուսական քարիւղի արդիւնաբերութեան շահերը. եւ հայերս կը զարմանանք որ Ռուսաստան ռազմական դաշնակիցը ըլլալով հանդերձ Հայաստանի, յաճախ կողմնակալ քաղաքականութիւն կը վարէ` ի վնաս Հայաստանի:
Հայաստան դժբախտաբար, չունի կազմակերպուած lobbying-ի իր թեւը որ պիտի ամբողջացնէր իր արտաքին քաղաքականութիւնը: Բնական պիտի ըլլար որ սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւնները կատարէին այդ դերը իբրեւ լրացում անոր արտաքին քաղաքականութեան: Սակայն, ոչ Հայաստանի կառավարութիւնը, ոչ ալ սփիւռքի քաղաքական կուսակցութիւնները այդ ուղղութեամբ ծրագրեալ աշխատանք տարած են:
Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ քաղաքական lobbying-ի դերը կը կատարեն Հայ Դատի Յանձնախումբերը (ANCA) եւ անոր համապատասխանող կառոյցները Եւրոպայի մէջ: Սակայն ANCA-ն հովանաւորող կուսակցութիւնը ընդդիմութեան մէջ ըլլալուն, չ'ուզէր կամ չի կրնար կատարել այդ դերը: Լաւագոյն պարագային այդ դերը պիտի լրացնէ Հայկական Համագումարը (Armenian Assembly) Ամերիկայի մէջ: Այս վերջինը, որ այս տարի կ'ամբողջացնէ իր գոյութեան յիսնամեակը, առաջին օրէն սկզբունք դարձուցած է չմիջամտել Հայաստանի ներքին գործերուն, սատարելով հանդերձ Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական խնդիրներուն:
Երբ Հայաստան կը տառապի դիւանագիտական ուժեղ կառոյցի պակասէն, կը մերժէ նաեւ օգտուիլ հոյլէն փորձառու դիւանագէտներու, որովհետեւ անոնք դուրս կը մնան իւրայիններու ծիրէն. եւ փոխարէնը կը կարգուին համբակ պաշտօնեաներ աշխարհի ամէնէն հզօր մայրաքաղաքներուն մէջ: Այս կարճատեսութիւնը պատճառներէն մէկն է Հայաստանի դիւանագիտական մեկուսացման:
Քննարկութիւններն ու թելադրութիւնները այս ուղղութեամբ կը մնան ապարդիւն, որովհետեւ բարեկամներ ու թշնամիներ արժեւորելու չափանիշները փոխուած են:
Lobbying-ի իմաստով Ռուսաստանը բոլորովին խոպան դաշտ մըն է Հայաստանի համար: Կ'ենթադրուի որ երկու միլիոնէ աւելի հայեր կ'ապրին Ռուսաստանի մէջ, սակայն այդ զանգուածին գլխաւոր բնոյթը անկազմակերպուած ըլլալն է:
Հայաստանցիներ որոնք կու գան համալրելու Արեւմուտքի հայկական համայնքներու զանգուածները որոշ չափով կը սատարեն քաղաքական շարժումներուն: Իսկ Ռուսաստան բնակող կամ հաստատուած հայերու մօտ հազիւ նշմարելի է քաղաքական ինքնագիտակցութիւնը – չըսելու համար որ գոյութիւն չունի ան: Մինչդեռ Հայաստանի կառավարութեան համար համեմատաբար աւելի հեշտ պիտի ըլլար քաղաքականացնել հայ զանգուածները Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ քան Արեւմուտքի. սակայն, ցարդ չէ կատարուած այդ աշխատանքը եւ կը կրենք անոր հետեւանքները:
Ռուսաստանի վարչապետը` Միխայէլ Միշուստին ծագումով հայ է, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը` Սերկէյ Լաւրով: Սակայն, ոչ մէկ հայանպաստ խօսք կամ գործ տեսած ենք անոնց կողմէ: Այլ պետութիւններու եւ կառոյցներու մէջ գործած հայ քաղաքական դէմքերու նման` անոնք չեն ուզեր ճանչցուիլ իբրեւ մաս տկար երկրի մը, ինչպիսին է Հայաստանը:
Սակայն, Մոսկուայի մէջ գոյութիւն ունի հայկական ծագումով քաղաքական եւ մշակութային ընտրանի մը (էլիտա), որ նոյնպէս հեռու կը մնայ Հայաստանէն, ոչ անպայման իր մեղքով: Օրինակ գոյութիւն ունին քաղաքական դէմքեր եւ արուեստի հեղինակութիւններ, ինչպէս մեծահարուստ օլիկարքներ, ինչպիսիք են Ռուսական հեռուստահաղորդման ազդեցիկ դէմքերէն Մարկարիթա Սիմոնեան, ֆիլմի աշխարհին մէջ անուանի իր ամուսինը` Էտմոն Քէօսէեան. անդին կը գործեն քաղաքագէտ-պատմաբան Անդրանիկ Միհրանեան, Ռուբէն Վարդանեան, Տիգրան Սարգսեան, Էտուարտ Նալպանտեան, Կուրղինեան, Սամուէլ Կարապետեան, Արա Աբրահամեան եւ ուրիշներ: Այս անուններուն գրեթէ բոլորը ամէն օր կը պախարակուին Հայաստանի մամուլին մէջ, եւ յատկապէս իշխանամէտ մամուլին մէջ: Այդ պայմաններուն ներքեւ ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել որ հայերը ոեւէ քաղաքական ազդեցութիւն ունենան Քրեմլինի շրջանակներուն մէջ:
Ինքզինք յարգող կառավարութիւն մը նախ պէտք էր քններ թէ ի՛նչ կերպով կրնայ սիրաշահիլ այդ էլիտան, զայն դարձնելու համար Հայաստանի ի նպաստ գործօնի մը: Անշուշտ, կարելի չէ ենթադրել որ Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ սիրաշահիլ բոլորն ալ. սակայն զանոնք հալածելն ալ իմաստուն քաղաքականութիւն մը չէ:
Հայաստան լայն չափերով կախեալ է Ռուսաստանէն, եւ ռուսահայ զանգուածը քաղաքականացնելը արդէն մեր փոքր երկրին խնդիրներէն կէսին լուծումը կրնայ հանդիսանալ: Նոյնպէս պէտք է սիրաշահիլ էլիտան, քաղաքական ընտրանին որ համարեա կը գտնուի թշնամական հարթակներու վրայ. Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը սկսի Երեւանէն, բայց չի վերջանար այնտեղ: