image

Ջրային թնդանօթներու գործօնը. Արդիականութիւն մեծ խորագիր մը

Ջրային թնդանօթներու գործօնը. Արդիականութիւն մեծ խորագիր մը

Ինչպէս տարբեր երկիրներուն այնպէս ալ Հայաստանի մէջ յաճախ քննարկման թեմա կը հանդիսանայ հանքերու շուրջ կլիմայական պայմաններու հիմնահարցը։ Ու այս առումով ալ շատ յաճախ սխալ վարկածներու վրայ հիմնուելով հանրութեան մէջ նիւթեր կը տարածուին այն մասին, որ այն քաղաքներուն մէջ, ուր «ապրող» եւ գործող հանքեր կան, ապա այդ քաղաքներուն օոլորտը բազում առումներով խոցելի կը դառնայ։

Մտահոգութիւնն անշուշտ տեղի է, սակայն տեսակէտներու հիմքով տարածուած լուրերուն մեծ տոկոսը, ոչ միայն սխալ դուրս կու գայ, այլեւ վնաս կը հասցընէ այդ մեծ ու Հայաստանի համար կենսական ոլորտին։

Այստեղ փակագիծ մը բանալով հարկ է անշուշտ մեր ընթերցողներուն յիշեցնել, որ այսօրուայ կտրուածքով մեր հայրենիքի պետական պիւտճէն համալրող հիմնական ոլորտը կը շարունակէ հանդիսանալ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը, որուն արդիական հիմքերու վրայ կատարուող աշխատանքը աւելիով կը զօրացնէ «Կայուն զարգացում» ունենալու հիմնարար մօտեցումը։ Հետեւաբար քննադատել, կամ անհիմն կերպով այս ոլորտին մասին անհիմն խօսքեր հնչեցնելը կը համարուի հարուած մեր պետական շահերուն ու Հայաստանի տնտեսական երեսակին։ Այս բոլորին զուգահեռ անշուշտ չպէտք է մոռնալ ու հաշուի նստիլ այն կարեւոր փաստին հետ, որ մեր ժամանակներուն, ինչպէս բոլոր ոլորտներու պարագային նոյնն ալ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ կարեւորագոյն ազդակ պիտի համարուի արդիականութեան հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը։

Այսօրուայ աշխարհը ամէնօրեայ փոփոխութիւններու ռիթմով կը շարժի։ Մարդիկ եւ հասարակութիւններ հետամուտ են ստեղծելու այնպիսի պայմաններ, որոնք ոչ միայն կ՚առաջնորդեն «Կանաչ ջերմուժ» ունենալով ու ատով գործելու կարեւորութիւնը, այլ միեւնոյն ժամանակ կը կարեւորուի  հանքի, առողջապահութեան ու կրթական ոլորտներուն մէջ արդիական լուծումներ տալու գաղափարը։ 

Գաղափար մը եւ հիմք մը, որուն կիզակէտին է անշուշտ մաքուր եւ անաղարտ բնութիւն ունենալով ընտրանքը, որուն ճամբով ալ կը շարունակուի բնութեան հարստութիւններէն օգտուելու ռազմավարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ մաքուր պահելով եւ աւելիով ծաղկուն դարձնելով  մայր բնութիւնը։

Ի դէպ նորարութեան եւ հանքարդիւնաբերութիւնը արդիական լուծումներով օժտելու թեմայով օրերս ուշագրաւ հրապարակում մը կատարած է ZCMC պարբերականը, որ հակիրճ, բայց օգտաշատ նիւթ մը տուած է «Ջրային թնդանօթներ»ու կարեւորութեան, արդիականութեան ու օգտաւէտութեան մասին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք այդ գրութիւնը։

 

Ջրային թնդանօթները կը կանխեն փոշիի հոսքը հանքավայրէն դուրս

Արդէն 5-րդ տարին է որ 7 սեպտեմբերը կը նշուի որպէս «Մաքուր օդի միջազգային օր», հաստատուած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին կողմէ 19 դեկտեմբեր, 2019-ին։ ՄԱԿ-ի հիմնական նպատակն է գրաւել աշխարհի բոլոր պետութիւններու ուշադրութիւնը այս հարցին նկատմամբ, նպաստել ձեռնարկութիւններու, նուազեցնել փոխադրակարգերու՝ վնասակար կազերու արձակումը ի շահ մոլորակի օդի մաքրութեան եւ մարդկութեան առողջութեան։

՝Հայաստանի մէջ տարածուած կարծրատիպ կայ, թէ օդի որակը հանքարդիւնաբերական քաղաքներուն մէջ աւելի վատ է, մինչդեռ թիւերը հակառակը կ’ապացուցեն. օրինակ՝ հանքարդիւնաբերական մեծ կեդրոններուն՝ Կապանի եւ Քաջարանի մէջ, օդի որակը հաﬔմատելի է Ծաղկաձորի ու Ջերմուկի հետ, որոնք մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կ’ընդունին, եւ օդի որակով զգալիօրէն աւելի լաւ են քան Երեւանը, Վանաձորը, Հրազդանը եւ Արարատը։ 

Այս տուեալները կը փաստեն, որ յաճախ կարծրատիպերը կրնան համոզմունքներ ստեղծել, որոնք շատ հեռու են իրականութենէն։ 

Զանգեզուրի Պղձա- Մոլիբթէնային Կոմպինատը (ԶՊՄԿ) իր գործունէութեան շնորհիւ բնութեան վրայ ազդեցութեան մեղմացման եւ չեզոքացման ուղղութեամբ բազմաթիւ բնապահպանական ծրագիրներ կ’իրականացնէ։

Անոր կարեւոր նախագիծերէն մէկը «Փոշիի կառավարման» ջրային թնդանոթներու համակարգն է, որ կը կանխէ փոշիի հոսքը հանքավայրէն դուրս։ 

«Կայուն թնդանօթներէն իւրաքանչիւրը կրնայ դառնալ իր առանցքին շուրջ մինչեւ 320 աստիճան՝ ջուրով ծածկելով մօտ 2 հեկտար մակերես։ Բաց հանքին մէջ արդէն տեղադրուած է: 

Թնդանօթները կը տեղադրուին հովուն ուղղութեան հակառակ, եւ զօրաւոր ճնշումի տակ ջուրի կաթիլներու հեռահար հոսքի միջոցով՝ ջուրի մասնիկներուն փոշիին վրայ կը գոյանայ ամպ, որ թոյլ չի տար փոշիին տարածումը՝ շատ արագ զայն նստեցնելով եւ ատոր շնորհիւ ալ կարելի կ՚ըլլայ, ոչ միայն մաքուր պահել հանքարդիւնաբերական հատուածները, այլ նաեւ այդ հատուածներուն շրջակայ միջավայրը։

Հրապարակումը՝ «Արեւելք»ի