image

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ալիեւ կ'ուզէ մեր հայրենիքը ...

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ալիեւ կ'ուզէ մեր հայրենիքը ...

Պատմութեան ընթացքին աշխարհը աւելի պատերազմներու վկան դարձած է քան խաղաղ ժամանակաշրջանի. պետութիւնները այնքան ընչաքաղց են որքան անհատները եւ բաւարարուած չեն իրենց ունեցածով այլ կը ցանկան իւրացնել այն ինչ որ դրացին ունի:

Պետական ղեկավարներու միտքին մէջ յաղթանակը կը ձեւաւորուի հակառակորդ երկիրը պարտութեան մատնելու եւ ի հարկին զայն իրեն ենթարկելու ծրագրով: Միայն թուրք ղեկավարներու միտքին մէջ կը տեղաւորուի ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու գաղափարը եւ այդ ազգին ստեղծած մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան իւրացումը:

Վերջերս ամերիկահայ պատմաբան Ռոլանտ Սիւնի հատոր մը հրատարակած է հայոց ցեղասպանութեան մասին դիպուկ վերնագրով մը - ՙԱնոնք միայն անապատին մէջ կրնան ապրիլ՚: Անշուշտ մէջբերումը Թալէաթի արտայայտած մէկ վճիռն է հայոց մասին:

Նման լպիրշ արտայայտութեան մը կը հանդիպինք պատմական ուրիշ դէպքի մը առիթով. 1922ին բանակցութիւններ կը տարուէին Ա. Աշխարհամարտի յաղթական երկիրներու եւ քեմալական խունթայի միջեւ (քեմալական իշխանութիւնը տակաւին իրաւականօրէն ճանչցուած պետութիւն չէր): Թուրքիոյ բանագնացն էր Իսմեթ Իւնոնիւն. երբ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը` Լորտ Քըրզըն հարց կու տայ թէ ո՞ւր պիտի տեղաւորուին հայ գաղթականները, Իւնոնիւնիի պատասխանը կ'ըլլայ ՙԼայն տարածքներ ունիք Գանատայի մէջ, տարէք եւ հոն տեղաւորեցէք՚:

Այդ մտայնութեան շղթան շարունակելով կրնանք նշել նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայյիպ Էրտողանի մէկ ելոյթը Դեկտ. 10, 2020ին Պաքուի մէջ կազմակերպուած ՙյաղթանակի՚ ռազմական շքերթին ուր ան ոգեկոչեց Էնվէր փաշան յայտարարելով. ՙԵկած ենք իրականացնելու մեր նախնիներու երազը՚:

Ինչպէս կը տեսնուի` Ֆաթիհ Սուլթան Մուհամմէտէն (որ Պոլիսը գրաւեց 1453ին) մինչեւ Էրտողան թուրք իշխանաւորի միտքին մէջ հանգիստ կը տեղաւորուի ազգ մը ամբողջ բնաջնջելու եւ անոր հայրենիքը իւրացնելու գաղափարը:

Թուրքերը գաղտնի չեն պահած եւ չեն ալ պահեր իրենց դիտաւորութիւնը` բնաջնջելու ամբողջ հայ ազգը. եւ այսօր այդ նպատակը դարձած է մղձաւանջային տարողութեամբ ծրագիր մը: Անցեալին Թալէաթներ ու Էնվերներ հաւատացած էին որ հայութեան բնաջնջուելով լուծած կ'ըլլային հայկական հարցը: Սակայն, պարզուեցաւ որ քաղաքակրթութեան յառաջացումով միջազգային օրէնքներ ստեղծուեցան եւ տուժող ազգ մը կրնայ դիմել միջազգային ատեաններու` հատուցում պահանջելու, անշուշտ եթէ քաղաքական պայմանները թոյլատու ըլլան: Այդ իրաւունքը վերապահուած է միայն պետական կառոյց ունեցող տուժած ազգերուն:

Հետեւաբար այսօրուան փոքրիկ Հայաստանը կրնայ ոեւէ ժամանակ պատմական պարտամուրհակ մը դառնալ Թուրքիոյ համար: Թուրք պետական միտքի հետեւողականութեամբ ան պէտք է ջնջուի երկրագունդի երեսէն. այդ է Էրտողաններու հետապնդած ՙնախնիներու երազը՚: Այսպիսի հաստատումները վախ սերմանելու չափազանցուած փորձեր չեն, այլ թուրք աշխարհի հաշուարկումներուն մէջ` իրականանալի ծրագիրներ են:

Ատրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ 44օրեայ պատերազմէն ի վեր պահանջ դրած է Զանգեզուրի միջանցքին վրայ եւ զայն իբրեւ կատարուած իրողութիւն կը նկատէ ան: Այդպէս ալ բանաձեւեց ան այս ծրագիրը թրքական պետութեանց Ասթանայի վերջին ժողովին ընթացքին: Թէեւ պայմանագրային ոչ մէկ հաստատում կատարուած է այդ ծրագրին մասին, բացի անկէ որ ճամբաներու ապաշրջափակումով Ատրպէյճան ազատ անցք պիտի ունենայ Հայաստանի տարածքով միանալու Նախիջեւանին, ռուսական բանակի պաշտպանութեամբ:

Այսօր այդ միջանցքին դէմ են միայն Հայաստանն ու Իրանը, որովհետեւ նման անցքի մը իրականացումը Հայաստանի հողին կիսումով եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեամբ կը վտանգէ նաեւ Իրանը:

Զանգեզուրի միջանցքին զուգահեռ նախագահ Ալիեւ պարբերաբար յաւակնութիւններ կը սնուցանէր նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան հողամասին վերաբերեալ. սակայն, Հայաստանի մէջ նման յիշատակումներ ՙզառանցանք՚ որակուած էին ցարդ. սակայն կը պարզուի որ Ատրպէյճան սկսած է լուրջ ծրագիրներ մշակել այդ ուղղութեամբ, նկատի ունենալով 44օրեայ պատերազմին հետեւանքով Հայաստանի տկար վիճակը:

Այսպէս, ատրպէյճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան Յունուար 4ի ՙԱռաւօտ՚ի (aravot.am) մէջ անդրադառնալով այս խնդրին կը տեղեկացնէ որ Դեկտեմբեր 24ին նախագահ Ալիեւ ելոյթ մը ունենալով կոչ ըրած է ծրագիր մշակել ՙԱրեւմտեան Ատրպէյճան՚ը ատրպէյճանցիներու վերադարձնելու մասին: Պաքուի հրատարակած քարտէսներուն մէջ ՙԱրեւմտեան Ատրպէյճան՚ կոչուած տարածքը ամբողջութեամբ մաս կը կազմէ այսօրուան Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին: Քանի մը օր առաջ Ատրպէյճանի պետական հեռուստացոյցը (AzTv) տեսանիւթ հրատարակած է այս ծրագրին մասին, ակնարկելով Ալիեւի ելոյթին եւ յաւելելով` ՙԱրեւմտեան Ատրպէյճան վերադառնալը անդառնալի գործընթաց է, որը կ'իրականացընենք խաղաղ ճանապարհով: Այժմ Ատրպէյճանում աշխատում են դրա իրաւական, քաղաքական, քարոզչական հիմքերի ստեղծման ուղղութեամբ՚:

Պաքուի իշխանութիւնները որոշած են մեծ գումարներ յատկացնել քարոզչական նպատակներու համար, համոզելու աշխարհի հանրային կարծիքը որ հայերը բռնի հեռացուցած են ատրպէյճանցիները այդ տարածքէն եւ իրենք տեղաւորուած են այնտեղ:

Որքան որ ալ պատմութեան խեղադիւրում նկատուի այս արշաւը, պէտք է աչքի առջեւ ունենալ անմիջական անցեալը, երբ Անքարա եւ Պաքու արդէն նախապաշարած եւ համոզած էին քաղաքական շրջանակները եւ աշխարհի լրատու միջոցները որ կը ձեռնարկեն պատերազմին ՙակրեսոր՚ներու ձեռքէն խլելու իրենց գրաւուած հողը: Անշուշտ, Ատրպէյճանի կազն ալ ունեցաւ իր քաղաքական դերը, եւ ամբողջ աշխարհ զարմանալի լռութիւն մը պահեց 44օրեայ պատերազմին. հայերս զարմացանք ու զայրացանք, սակայն մենք անպատրաստ էինք որքան պատերազմին` նոյնքան նաեւ լրատուութեան պայքարին:

Ատրպէյճան իր քաղաքականութիւնն ու մամլոյ ճակատամարտը կը պատրաստէ ու կը վարէ ազդեցիկ ՙթհինք թենք՚-երու խորհուրդներով եւ ծրագիրներով: Այդքանը սորվելէ ետք ալ իրաւունք չունինք անակնկալի առջեւ գտնուելու:

Հայաստանի հողը գրաւելու եւ իւրացնելու ատրպէյճանական ծրագիրը դեռ միայն գագաթն է թրքական աշխարհի ախորժակներու սարձալեռին:

Ատրպէյճանի ծրագիրը մանրանկարն է Անքարայի պատրաստած թուրանական ծրագրին, որուն համար կարծէք թէ նպաստաւոր մթնոլորտ ստեղծուած է տարածաշրջանին մէջ: Որովհետեւ Ալիեւի ախորժակը Հայաստանէն անցնելով հասած եւ հատած է Իրանի սահմանը: Ան Ասթանայի մէջ արտայայտուեցաւ նաեւ Իրանի մէջ բնակող ՙազերի եղբայրներու ազատագրումին մասին՚: Արդարեւ ան պատմական Ատրպատականը (հիւսիսային Իրան) կը նկատէ Ատրպէյճանի մաս: Եւ այսօր երբ Իսրայէլ, Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Ատրպէյճան ճակատ մը կազմած կը ծրագրեն տապալել Իրանի այժմու կառավարութիւնը եւ անդամահատել երկիրը` Ալիեւ աւելի քան ոգեւորուած է այդ հեռանկարով:

Վերջերս զրոյցներ տարածուեցան որ Իրան կը ծրագրէ զօրք մտցնել Սիւնիք` արգիլելու համար Զանգեզուրի միջանցքի բռնի բացումը: Այդ լուրը ոգեւորութեամբ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի կարգ մը շրջանակներուն կողմէ: Սակայն, հաւանական բախումի մը պարագային (որ ծրագրումի մէջ է) նման քաղաքականութիւն մը միայն աղիտաբեր կրնայ ըլլալ: Եթէ Ամերիկան ցարդ ՙկը հասկնար՚ եւ կը հանդուրժէր հայ-իրանական յարաբերութեանց բնոյթը, այս պարագային պիտի դադրի զայն ՙհասկնալէ՚, որովհետեւ Իսրայէլի կողմէ նախաձեռնուած պատերազմ մը նախընտրութիւն պիտի ունենայ Ուաշինկթընի քաղաքական օրակարգին վրայ:

Ռուսաստանի մխրճուած ըլլալը ուքրանական պատերազմին բոլորովին անպաշտպան պիտի թողու իր կէս-դաշնակից Իրանը:

Տարածաշրջանը սկսած է դառնալ չափազանց պայթունակ: Հայաստան բռնուած է քաղաքական թակարթի մը մէջ որմէ դժուար պիտի ըլլայ խուսափիլ:

Եթէ աղէտը պատահի` պէտք չէ ունենանք յիմարութիւնը իրար ամբաստանելու, կորուստին պատճառները դիմացինին վրայ բարձելու: Այս պարագային Հայաստանի ՙմեղքը՚ պիտի ըլլայ իր փոքր ըլլալը` չկարենալ խուսափելու համատարած աղէտէն:

Սակայն, կը մնայ մէկ յոյս. եթէ կերպով մը ամբողջ տարածաշրջանը խուսափի նման պայթումէ մը եւ Հայաստան եւ Ատրպէյճան մնան դէմ դիմաց, հայերս պէտք է ունենանք բաւարար ոյժ եւ վճռակամութիւն` գոնէ դուրս պահելու Ալիեւը ՙԱրեւմտեան Ատրպէյճան՚ի սահմաններէն: