image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Նոր խաղացող`Հայաստանի քաղաքական դաշտին վրայ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Նոր խաղացող`Հայաստանի քաղաքական դաշտին վրայ

Կալանաւորուած միլիառատէր գործարար` Սամուէլ Կարապետեանը յայտ ներկայացուց պաշտօնապէս քաղաքական դաշտ մտնալու ու հաւանաբար յաջորդ ընտրութիւններուն մասնակցելու:

«Մեծ յարգանքով եմ վերաբերւում մինչ օրս Նիկոլ Փաշինեանի հակազգային իշխանութեան քաղաքականութեան դէմ իրական պայքար մղած քաղաքական ուժերին եւ գործիչներին: Բայց մենք Հայաստանի համար լաւ ապագայ կառուցելու մեր պատկերացումն ունենք: Ու գնալու ենք մեր ճանապարհով, մեր նոր թիմով` չբացառելով ներքաղաքական համագործակցութիւնը համախոհների հետ»,- իր յայտարարութեան մէջ ըսած է Կարապետեան:

Կարապետեան ձերբակալուեցաւ վերջերս, իր կատարած այն յայտարարութեան համար, ուր կ’ըսէր թէ, «Եթէ քաղաքական գործիչներուն չյաջողի, ապա մենք մեր ձեւով պիտի միջամտենք եկեղեցւոյ դէմ արշաւին»: Այս յայտարարութիւնը իրաւապահներուն կողմէ նկատուեցաւ պետութեան դէմ սպառնալիք, մանաւանդ որ այդ կը զուգադիպէր «Սրբազան Պայքար» շարժումի առաջնորդ` Բագրատ Գալստանեանի ձայնագրութիւններուն հետ, ուր ան կը խօսէր իշխանութիւնը բռնի եղանակով տապալելու մասին եւ հոն կը յիշատակուէր նաեւ Կարապետեանի անունը` որպէս շարժումին աջակցելու պատրաստ մեծահարուստ:

Սամուէլ Կարապետեան Հայաստանի մէջ ունի նաեւ տնտեսական իր լծակները, որոնցմէ գլխաւորը  «Հայաստանի Էլետրական Ցանցեր՚ ընկերութիւնն է: Վերջերս Ազգային Ժողովը վաւերացուց Կառավարութեան առաջարկը, այդ ընկերութիւնը ազգայնացնելու կապակցութեամբ: Վերջին ժամանակներուն երկրէն ներս հոսանքի աւելի յաճախակի անջատումները նպաստեցին, որ կառավարութիւնը դիմէ այդ քայլին: Կար նաեւ մտահոգութիւն, որ հոսանքայի անջատումները, յատկապէս ընտրութիւններէն առաջ, կրնան օգտագործուիլ որպէս զէնք` ժողովուրդի դժգոհութիւնը ուղղելու համար դէպի իշխանութիւնները:

Իր հարստութեան մեծ մասը Ռուսաստանի մէջ կուտակած ու այդ երկրի քաղաքացին հանդիսացող Սամուէլ Կարապետեանի պաշտօնապէս քաղաքական ասպարէզ մուտքը եկաւ հիմնաւորելու այն կասկածը, որ ան Հայաստան գործուղուած է Քրեմլինի կողմէ` Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու նպատակով: Այս ծրագիրը կը նմանեցուի Վրաստանի օրինակին, երբ Ռուասատանի մէջ միլիառատէր դարձած մէկ այլ օլիկարխ` Պիծինա Իվանիշւիլին: Ան յաջողեցաւ ընտրութիւններու միջոցաւ հասնիլ իշխանութեան ու սկսաւ Վրաստանը կամաց-կամաց հեռացնել Արեւմուտքէն ու մօտենալ Ռուսաստանին:

Քաղաքական շրջանակներուն ու նաեւ հասարակութեան մօտ արդէն իսկ կը յառաջանայ մտավախութիւն, որ յաջողութեան հասնելու պարագային Կարապետեան պիտի դառնայ Մոսկուայի կամակատանը, այլապէս կրնայ ամբողջութեամբ ունեզրկուիլ, ինչպէս պատահած է բազմաթիւ այլ Ռուս օլիկարխներու հետ, որոնք չեն կատարած Քրեմլինի պահանջները:

Կարապետեան չի թաքցներ, որ ինք կողմնակից է  Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացման, նոյնիսկ ՌուսաստանևՊելառուս միութենական պետութեան միանալու առումով:

Ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան, Եւրոպային մօտենալու, Արեւմուտքէն արդիական զինատեսակներ ապահովելու ծրագիրներուն, տնտեսական մենաշնորհներու ու «քորուպցիայ» դէմ պայքարին, այդ բոլորը կը շրջուին ու Հայաստան կը դառնայ Ռուսաստանի մէկ գաւառը:

Մեր կարծիքով Սամուէլ Կարապետեանին կը սպասէ նոյն ճակատագիրը, որ վիճակուեցաւ իշխանափոխութեան համար փողոց դուրս եկած միւս շարժումներուն: Հայաստանի քաղաքացիները պատրաստ չեն վերադառնալու նախա-թաւշեայ յեղափոխութեան շրջանը, որքան որ ալ ունին դժգոհութիւններ ներկայ իշխանութիւններէն:

Սամուէլ Կարապետեանի հրապարակ գալը իշխանութիւններէն աւելի պէտք է մտահոգէ այժմու` Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգիսեանի գլխաւորած ընդդիմադրութեան, որոնցմէ շատեր պիտի ուզեն միանալ այս աւելի հարուստ անձնաւորութեան գլխաւորած շարժումին:

Սամուէլ  Կարապետեանի առջեւ կայ նաեւ մէկ այլ կարեւոր արգելք: Ան ըլլալով երկքաղաքացի իրաւունք չունի դառնալու Հայաստանի վարչապետ, իսկ առանց առաջին դէմքի առաջնորդութեան դժուար թէ գտնուի մէկ այլ անուն, որ կարողանայ դառնալ Նիկոլ Փաշինեանի լուրջ մրցակից:

 

Գրիգոր Խոտանեան

«Մասիս»