image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Այսպիսի բարեկամներ ունեցողը, թշնամիներու պէտք չունի

Խմբագրական «Մասիս»ի. Այսպիսի բարեկամներ ունեցողը, թշնամիներու պէտք չունի

Խաղաղութեան օրակարգը առաջ մղելով հանդերձ Հայաստան մեծ մաշտաբով լծուած է նոր ու արդիական զինատեսակներ ձեռք ձգելու աշխատանքին: Անցած է ժամանակը երբ Հայատանին «արտօնուած» չէր բացի Ռուսաստանէն զէնք գնել այլ երկիրներէ: Այսօր տարբեր աղբիւրներէ տարբեր զինատեսակներ  ստանալով Հայաստան կ’ամրապնդէ իր պաշտպանական կարողութիւնները եւ այսուհետեւ պէտքը չունի ՀԱՊԿ-ի նման անհաւատարիմ դաշնակիցներու:

Ինչպէս  Politico-ի յօդուածագիրը կ’եզրակացնէ` Փութինի նման բարեկամներ ունեցողը, թշնամիներու պէտք չունի:

 

Մօտ երկու շաբաթ առաջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած էր, որ  44-օրեայ պատերազմի նախապատրաստման մասնակցած են ՀԱՊԿ անդամ առնուազն երկու պետութիւն: Յունիս 12, նոյն ամպիոնէն դարձեալ անդրադառնալով այդ հարցին Փաշինեան յայտնեց, որ այլեւս երբեք Պելառուս պիտի չայցելէ, այնքան ժամանակ, որ անոր նախագահը  Ալեքսանտր Լուքաշենքոն է: Ոչ միայն ինք, ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մէկ պաշտօնական ներկայացուցիչ Պելառուս պիտի չայցելէ, ըսաւ վարչապետը:

Վերջին շրջանին Լուքաշենքոն սկսած էր հրապարակաւ խօսիլ Ատրպէյճանի յաղթանակին եւ այդ նպատակով Ատրպէյճանի նախագահին հետ իր ունեցած խօսակցութիւններուն մասին:

Փաշինեանի յայտնած այս կտրուկ դիրքորոշումներէն օր մը ետք, Ամերիկեան «Politico» քաղաքական հեղինակաւոր հանդէսը բացայայտեց որ իր տրամադրութեան տակ յայտնուած են գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ 2018-2022 թուականներուն` պատերազմական իրավիճակի սրման ժամանակ, Պելառուսը Ատրպէյճանին զէնք եւ ռազմական օգնութիւն տրամադրած է: Politico-ն` յղում ընելով պելառուսական կողմի դիւանագիտական եւ ռազմական փաստաթուղթերու արտահոսքին կը տեղեկացնէ, որ Պելառուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին օգնութիւնը կը ներառեր հին հրետանային զէնքի արդիականացում, ինչպէս նաեւ նոր սարքաւորումներու մատակարարում: Յօդուածագիրը կ’եզրակացնէ, որ Պելառուս այս քայլին չէր կրնար դիմել առանց Ռուսաստանի գիտակցութեան եւ հաւանութեան:

Հաւանական է, որ Փաշինեան տեղեակ էր Politico-ի փաստաթուղթերուն եւ այդ պատճառաւ ալ օր մը առաջ յայտնեց, որ այսուհետեւ չի կրնար մասնակցիլ ՀԱՊԿ-ի ժողովներուն եւ նոյն սեղանի շուրջ նստիլ անոնց հետ, որոնք 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, ընթացքին եւ անկէ յետոյ գործած են ՀԱՊԿ-ի անդամ Հայաստանի դէմ: Զարմանալի չէր, որ Ալիեւ առիթով մը յայտարարեց, որ Պաքուն ՀԱՊԿ-էն ներս աւելի շատ բարեկամներ ունի` քան Հայաստանը:

Այս բոլորէն ետք, Ռուսաստանի քաղաքական շրջանակները կը շարունակեն զգուշացնել, որ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալը չի նպաստեր Հայաստանի շահերուն:  Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան այս ամենէն վճռորոշ ժամանակաշրջանին, զինք դաւաճանող դաշնակիցները կր ձեւանան թէ իրենք աւելի լաւ գիտեն հայաստանի շահերը, ու խրատներ կը տեղացնեն` ամենօրեայ յաճախականութեամբ:

Այս բոլորը հարց կը յառաջացնեն, թէ ի՞նչու Ռուսաստան գնաց իր դաշնակիցին դաւաճանելու քայլին: Եթէ նպատակը  Փաշինեանի ժողովրդավար իշխանութիւնը  տապալելն էր, ձախողեցաւ ատոր մէջ, քանի որ Հայաստանի ժողովուրդը  պատրաստ չէ վերադառնալու 2018-ին նախորդող օրերուն ու անոր յոռի փառքերուն: Եթէ նպատակը տկարացնել էր Հայաստանը, որպէսզի ան պարտադրուած վազէ դէպի  Ռուսաստան-Պելառուս միութենական պետութիւն« հոն եւս Քրեմլին չկարողացաւ իրագործել այդ,  քանի որ Հայաստանի ժողովուրդը պատրաստ չէ զիջելու իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:

Հայ ժողովուրդը այսօր աւելի ու աւելի կը հեռանայ Ռուսաստանէն, որուն համար միակ մեղաւորը Մոսկուան է,  որուն մեղսակցութեամբ հայաթափուեցաւ Արցախը ու Հայաստանի սահմաններ կ’ենթարկուին ամէնօրեայ ոտնձգութիւններու:

44-օրեայ պատերազմի պարտութեան պատճառները բազմաթիւ են ու բազմազան եւ տակաւին ոչ ամբողջութեամբ բացայայտուած: Politico-ի հրապարակումը բաւական լոյս կը սփռէ ՀԱՊԿ-ի խաղացած տխուր դերակատարութեան վրայ:

Խաղաղութեան օրակարգը առաջ մղելով հանդերձ Հայաստան մեծ մաշտաբով լծուած է նոր ու արդիական զինատեսակներ ձեռք ձգելու աշխատանքին: Անցած է ժամանակը երբ Հայատանին «արտօնուած» չէր բացի Ռուսաստանէն զէնք գնել այլ երկիրներէ: Այսօր տարբեր աղբիւրներէ տարբեր զինատեսակներ  ստանալով Հայաստան կ’ամրապնդէ իր պաշտպանական կարողութիւնները եւ այսուհետեւ պէտքը չունի ՀԱՊԿ-ի նման անհաւատարիմ դաշնակիցներու:

Ինչպէս  Politico-ի յօդուածագիրը կ’եզրակացնէ` Փութինի նման բարեկամներ ունեցողը, թշնամիներու պէտք չունի:

 

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»